24 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ ստորագրեցին Եւրոպական խորհուրդի շարք մը համաձայնագիրներ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ ստորագրուեցան «Շարժապատկերի միացեալ արտադրութեան մասին» Եւրոպական խորհուրդի (վերանայուած) համաձայնագիրը, Հարկային հարցերով փոխադարձ վարչական աջակցութեան մասին» Եւրոպական խորհուրդի համաձայնագիրը (2010-ի արձանագրութեամբ փոխուած), «Ֆութպոլային խաղերու եւ մարզական այլ ձեռնարկներու ժամանակ ապահովութեան, անվտանգութեան եւ սպասարկման խնդիրներուն միասնական մօտեցման մասին» Եւրոպական խորհուրդի համաձայնագիրը, «Ահաբեկչութեան կանխարգիլման մասին Եւրոպական խորհուրդի համաձայնագիրին կից` լրացուցիչ արձանագրութիւնը եւ «Մարդու օրկաններու վաճառքին դէմ պայքարի մասին» համաձանագիրը: