ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 7 Յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 18 Յունիսի կէս գիշերը: Այս որոշումը տրուեցաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 11 Մայիսի նիստին:
20 Յունիս 2021-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստութեան եւ իրականացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը հաստատելու մասին նախագիծը ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:
Թեկնածուներու, կուսակցութիւններու կամ դաշինքի անդամ կուսակցութիւններու ինքնաբացարկի մասին դիմումներու ներկայացման ժամկէտը պիտի տեւէ մինչեւ 10 Յունիս, երեկոյեան ժամը 6։
Ընտրական տեղամասերի կազմաւորումը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 26 Մայիս, կուսակցութիւնները եւ կուսակցութիւններու դաշինքները արձանագրելու համար փաստաթուղթերը յանձնաժողովին ներկայացուած պէտք է ըլլան քուէարկութեան օրէն 25 օր առաջ:
Կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցանկերու արձանագրութեան համար ժամկէտ նախատեսուած է 26-էն 30 Մայիսը: