ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- 5 Հոկտեմբերին, Նախիջեւանի մէջ սկսած են թուրք-ատրպէյճանական մարտավարական համատեղ եռօրեայ ռազմափորձեր:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ «Անխախտ եղբայրութիւն» կոչուող ռազմափորձերուն կը մասնակցին ցամաքային ուժեր եւ ռազմական օդանաւեր, ինչպէս նաեւ հարուածային ու փոխադրական ուղղաթիռներ: