Երուանդ Գարաճեան
Հայրի՜կ, հայր իմ սիրելի,
Չեմ տեսած քեզ, չեմ ճանչցած,
Բայց կը զգամ սրտիս խորէն,
Թէ անձ մըն ես պանծալի
Ու նահատակ մը՝ բոլոր
Հայերուն պէս, որ ինկան
Դաշոյնին տակ թուրքերուն,
Առանց երբեք գիտնալու
Թէ Արարիչը ինչո՞ւ
Շնորհած էր կեանք իրենց
Եւ խլած զայն բռնաբար
Դեռ չհասած լռումին
Իրենց կեանքին երկրային:
Հայրի՜կ, հայր իմ սիրելի,
Մայրըս կը պատմէր ինծի
Թէ երբ շուկայէն դարձիդ՝
Մեր բակին մեղի թթենիին տակ
Կը նստէիր դուն ամէն իրիկուն
Զիս գիրկըդ առած,
Ես դեռ մանկիկ մը առու,
Հազիւ վեծ ամսու,
Փայփայանքներով
Կը շոյէիր զիս, կը համբուրէիր:
Այդ օրն առաւել գորովին խառնած
Ունէիր կարօ՜տ, կարօտ անսովոր…
Եղբայրս ու քոյրս
Կը վազվզէին մեր կողքին ուրախ,
Հանելով ճիչ ու աղմուկ հրճուագին,
Անգիտակ թէ ի’նչ դժբախտ պատահար
Կրնար յանկարծ գալ…
Ո˜հ, երանութեան պահն այդ անմար,
Պահն այդ վաղանցուկ,
Որ ալ կեանքիս մէջ երբե’ք,
Երբեք չըգըտայ…
Բայց տխուր էի,
Սիրտս անսովոր
Բա՛ն մը կը մատնէր…:
Յանկարծ բախեցին
Մեր դուռը ուժգին.
Հայրդ քեզ գիրկս դըրաւ,
Ու ընդոստ ոտքի ելաւ, կանգնեցաւ.
-Ես կ’երթամ, ըսի, դուռը բանալու:
-Ո’չ, ան սաստեց զիս, դուն տեղըդ նստէ՛:
-Մի’, մի’, մի’ երթար…:
-Տեղդ նստէ’, ըսի… ինչո՞ւ ես վախցած:
-Սիրտս գէշ բան մը, վա’տ կը վկայէ:
Ու դէպի դուռն գնաց շիփ-շիտակ:
Երկու ոստիկան դիմացը ելան.
-Ոստիկանատո’ւն,
Հետեւէ՛ մեզի ու աճապար՛է:
Չեմ գիտեր թէ դուն այդ սեւ վայրկեանին
Ինչե՜ր ըզգացիր…:
-Կը վերադառնամ, ըսիր, շատ շուտով,
Եւ հետեւեցար անփոյթ, անկասկած
Այդ քու բօթբեր առաջնորդներուն,
Հակառակ մօրս դառն արցունքներուն,
Թախանձանքներուն,
Հակառակ եղբօրս ու քրոջս անզօր
Աղաղակներուն,
Որոնք անգիտակ
Թէ այսուհետեւ՝ այլեւս հայրիկ,
Հայրիկ չունէին…:
Ակնթարթէ մը մանկիկները այդ,
Ուրախ, կենսունակ,
Դարձան աւերակ
Ու լերկ խորաններ,
Ուր խաչին վըրայ
Յիսուս կը նընջէր:
Ու գընաց հայրըդ,
Գընաց, հեռացաւ,
Ու ետ չըդարձաւ…
Ճակատագիրը բոլոր հայերուն,
Ճակատագիրը դառն ու անողոք,
Որ բարին Աստուած
Վերէն կը դիտէր…
-Յետո՞յ, հարց տուի, յետու ի՞նչ ըրին:
-Յետոյ շատ պարզ է:
Ամէն հայու պէս զինք չարչարեցին,
Բրածեծ ըրին, մորթը հանեցին,
Քաշեցին մազերն ու եղունգները,
Կտրեցին լեզուն, որ ա՛լ չըխօսի,
Չըսէ -Ո˜վ Աստուած, ինչո՞ւ անփոյթ ես,
Ինչո՞ւ չես լսեր աղօթքները մեր,
Ու չես տեսներ մեր չարչարանքն ահեղ.
Եւ եթէ այս էր մասը մեր կեանքին,
Ինչո՞ւ, ո’վ Աստուած, կեանք տուիր մեզի…
Ինչո՞ւ աշխարհին այս պերճ, գեղանի,
Տուիր տենչանքը, ճաշակը մեզի:
Ինչո՞ւ երկինքին խոստումը տուիր՝
Ծածկելով մեզմէ տաժանքն այս երկրին,
Ինչո՞ւ արեւը չխաւարեցաւ,
Մոլորակները ինչո՞ւ կանգ չառին
Ու չ’շեղեցան իրենց ծիրէն,
Շեղջակոյտերու ահագնադըղողդ
Վերածելով այս տիեզերքը խորթ…
Ինչո՞ւ աստղերը մընացին անփոյթ
Չփոթորկեցին, չըհրդեհեցին երկինքը անփոյթ,
Երբ ազգ մը ամբողջ լուռ կը կոտորուէր,
Ենթարկուելէ ետք չարչարանքներու,
Անլուր, անանուն…
Արդեօք ցեղը մեր ձեռակերտը՞դ չէր,
Արդեօք չար ուժեր
Գըրաւա՞ծ էին երկինքը անհուն,
Ու զայն վերածած
Ուժերու բիրտ, չար,
Որջ մը անկայուն…
Ու՞ր էին անթիւ, անհամար
Հըրեշտակներու գունդերը արդար:
Հայր իմ, հայրի՜կ սիրելի,
Դուն, որ տեսար, ապրեցար
Արհաւիրքներն այս բոլոր,
Ըսէ’ ինծի, կա՞յ վախճան
Հայու կեանքին ահաւոր:
Մայրըս կ’ըսէր, սգաւոր,
Երբ մընացած էր այրի,
Գացած էր Տէր Յիսուսն
Հայցելով, որ տար իրեն
Համբերութիւն, ուժ, կորով
Ապրեցնելու համար իր
Երեք որբերն անպաշտպան,
Ինչպէս որբերն ազգին մեր,
Զի Հայաստանն այն ատեն
Հազար ու բիւր որբերու
Ապաստան մըն էր աւեր,
Որ արմատահան
Ճիւղերու համայն
Տեսքով ցիրուցան,
Դատապարտուած էր
Չորնալու միայն:
Հիմա դուն իմ դէմ
Կանգնած ես, հայրի՛կ,
Երիտասարդ, արի,
Հագած Քու ցեղիդ արիւնով ներկուած
Ծիրանին տոկուն,
Որ կը դիմանայ, պիտի դիմանայ
Վթար-բաշումին
Անթիւ դարերուն:
Գիտեմ, կ’այցելես
Յաճախ դուն ինծի,
Բազուկներուդ մէջ
Կ’առնես գորովով,
Կարծես ըլլայի
Մանկիկն այն ժպտուն,
Երբ մեզ բաժնեցին
Ձեռքերն անօրէն:
-Մի’ յուսահատիր,
Կ’ըսես դուն ինծի,
Աստուծոյ պայծառ
Յիշողութեան մէջ
Բան չի կորսուիր.
Վաղ կամ ուշ պիտի
Ան սըրբագըրէ սխալներն իր,
Քանզի կոչուած է
Հայն Աշխարհին մէջ
Բարիք սփռելու, բարին կերտելու
Սէր սերմանելու բոլոր մարդոց մէջ:
Քանի սրտերը ձեր մեզի համար
Ջերմ ապաստան են,
Մենք չենք մահանար,
Կ’ապրինք դեռ յաւէտ:
14 Ապրիլ 1932