ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Անոնք գացին հայրենի աշխարհի ազատութեան հաւատքովը խանդավառ եւ նահատակուեցան վստահ իրենց առաքելութեան յաղթանակին:
Անոնք նահատակուեցան Արցախի ազատագրութեան երազովը: Շատեր հաւատացին թէ հզօրները եւ մեծերը արդարութիւնը պիտի պաշտպանէին եւ տկարներն ու փոքրերը պիտի խորտակէին բռնատիրութեան շղթաները:
Այս երանութեան հաւատացին Արցախի պատերազմին մեր հազարաւոր նահատակները:
Բիւրաւոր էին մեր նահատակները, որոնցմէ շատեր անյայտ շիրիմներու մէջ թաղուեցան: Նուիրական գերեզմաններ, այն նուիրական երկրին մէջ, ուր դարերով մեր նախնիքը ապրած էին եւ կերտած կեանք մը՝ երբեմն ոգորումներով ու յոյսերով լի, յաճախ տառապանքով եւ հալածանքով ընկրկած:
Եթէ չիրականացան մեր բոլոր յոյսերը, գէթ Արարատին ստորոտը ունինք փոքրիկ աշխարհ մը, ուր հաւաքուած են եւ պիտի հաւաքուին աշխատող եւ կերտող ժողովուրդի մը բեկորները, կառուցելու համար համերաշխութեան սիւներուն վրայ բարձրացած ապագայ մը: Տէ’ր ըլլանք մեր հայրենիքին:
Եւ մեր բոլոր նահատակներուն յարգանքի ու յիշատակի յաւերժացման միակ արժանաւոր կոթողը այն երկիրն է, որ Մեր Հայրենիք կ’անուանենք, եւ որուն շուրջը պիտի համախմբենք մեր բոլոր ջանքերն՝ ապահովելու համար անոր բարգաւաճումը եւ խաղաղ կեանքը: