Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «երբ լիբանանեան բանակը կարենայ դիմադրել Իսրայէլին եւ պաշտպանել Լիբանանը, այն ժամանակ թող քննարկեն Հըզպալլայի զէնքին հարցը

July 21, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Saudi-Hezbollah meeting secured Yemen ceasefire and Hadi resignation

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի կարողութիւնները բարելաւուած են եւ բարգաւաճած, իսկ թշնամին կարգ մը շրջաններու մէջ նահանջ արձանագրած է:

Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած խօսքէն ետք չեն փափաքիր բանավէճ ունենալ, «սակայն յստակ է, որ նաւթային յեղափոխութեան կարիքը կայ` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը` մեր ապրած պայմաններուն մէջ», ըսաւ ան:

Քասեմ նշեց, որ Հըզպալլան կառավարութեան մաս կազմելով կը պաշտպանէ երկրին քաղաքական որոշումն ու ինքնաբերաբար Դիմադրութիւնը: «Մեր ներկայութիւնը կ՛օժանդակէ բարեկարգումի գործադրութեան, իսկ անոնք, որոնք Հըզպալլան Լիբանանի համար բեռ կը նկատեն, ապա անոնց հարցը կը կայանայ այն մտածումներուն մէջ, որոնք լիբանանցի ժողովուրդին համար համոզիչ չեն», ընդգծեց ան:

Քասեմ հաստատեց, որ կառավարութեան մաս կազմելը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ փտածութեան իմաստով իրենք ոչ ոքի կ՛օժանդակեն, այլ ժողովուրդին կ՛աջակցին` առանց գնահատանքի խօսք մը իսկ ակնկալելու:

«Պիտի մնանք Լիբանանի մէջ եւ պիտի մասնակցինք կառավարութեան, որպէսզի կարելի եղածին չափ ծառայենք լիբանանցիներուն: Մեր որոշումը տրուած է այն իմաստով, որ Դիմադրութեան զէնքը ներքին լիբանանեան նպատակներով չ՛օգտագործուի: Հըզպալլայի զէնքին պարտականութիւնը իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմադրելն է եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելը: Երբ լիբանանեան բանակը կարենայ դիմադրել Իսրայէլին եւ պաշտպանել Լիբանանը, այն ժամանակ թող քննարկեն Հըզպալլայի զէնքին հարցը», ըսաւ ան:

Քասեմ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին հարցերուն բնոյթը պէտք է ճշգրիտ կերպով իմանալ եւ ըստ այնմ լուծումներու մասին մտածել: Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներուն չափ եւ սահման պէտք է ճշդել:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին` Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութեան չկազմուելուն եւ նախագահական ընտրութեան չկայացման պարագային երկիրը կ՛ուղղուի դէպի վատագոյնը: «Բոլորս պէտք է համագործակցինք, եւ մենք բաց ենք գործակցելու նոր երեսփոխաններուն եւ Մարտ 14-ի խմբաւորումներուն հետ` դուրս գալու համար երկիրը յուզող տագնապէն», հաստատեց ան:

Քասեմ մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը համաձայնութիւն գոյացնեն կառավարութեան կազմի մը շուրջ: «Մեզի համար կառավարութեան կազմին ձեւը կարեւոր չէ, այլ` նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համաձայնութիւնը: Մենք կ՛ընդունինք անոնց միջեւ գոյացած որեւէ համաձայնութիւն», եզրափակեց ան:

Previous Post

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութեան համար ընդունելի չէ Արցախի իրաւունքներէ որեւէ նահանջ»

Next Post

Իսրայէլ կը մերժէ Ռաս Նաքուրայի շրջանը Լիբանանին յանձնել

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.