Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, քանդուած ցորենի շտեմարանին դիմաց կատարեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները անխտիր ամբաստանուած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում-սպանդը գործելու յանցանքով, մինչեւ որ հակառակը փաստուի:
Նահատակներուն հարազատները կոչ ուղղեցին քաղաքական կողմերուն վերջ տալու դատական իշխանութիւններուն մօտ կատարուած միջամտութիւններուն, յատկապէս նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան առումով:
«Մենք պիտի չարտօնենք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին քաղաքականացումը, եւ կարելի չէ գրաւ դնել համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն ճնշումներուն վրայ, որոնք կը միտին խզել զոհերու ընտանիքներուն միասնականութիւնը: Մեր զաւակներուն եւ հարազատներուն թափած արիւնը մեզի կը միասնականացնէ ու կը միաւորէ», հաստատեցին անոնք:
Նստացոյցին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ բողոքի խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ցոյցերու ժամանակը արդէն իսկ աւարտած է, «եւ բոլորը պէտք է մեզմէ ամէ՛ն ինչ ակնկալեն», ընդգծեցին ցուցարարները: