ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յօրինող եւ երգչուհի Նեթըլի Քէյ (Քալամտարեան) կը տեղեկացնէ, թէ իր անգլերէն նոր երգը՝ «Նաթին ան Աս»ը, թուային հարթակներու վրայ պիտի հրապարակուի 12 Օգոստոսին: Երգչուհին կը նշէ, որ 2017ին իր հրապարակած «Մեն Ափ» երգին յաջորդող այս գործը նոր հանգրուանի մը թեւակոխում է իրեն համար:
Նշենք, որ 2009-2013ի միջեւ «Եութուպ» կայքին վրայ յայտնի դերասաններու եւ երգիչներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներու համացանցային յայտագիրով՝ «Նեթըլի Ինթըրվիուզ»ով ծանօթ Նեթըլին, 2016ին պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է երաժշտութեան արտադրութեան եւ հաղորդակցութեան ճիւղերուն մէջ: 2012ին, ան հրապարակած էր իր երգերու անդրանիկ հաւաքածոն՝ «Սթար Քրոստ»ը եւ նպատակ ունի մինչեւ տարեվերջ արտադրելու իր երկրորդ հաւաքածոն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.nataliekalamdaryan.com կայքը