Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ:
Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, Նեժիպ Միքաթի 72 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 42 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը, իսկ երեսփոխաններ` Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաֆա Հիւսէյնի եւ Թալալ Արսլան ներկայ չգտնուեցան խորհրդակցութիւններուն:
Գրեթէ օր մը տեւած խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահ Աուն խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, եւ Նեժիպ Միքաթին պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:
Նախագահական պալատ հասած Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի ըսաւ. «Հիմնական աշխատանքը կը կայանայ կառավարութիւն մը կազմելուն մէջ»:
Ապա նոր նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դիտել տուաւ, որ նախագահ Աուն` ներկայութեամբ Պըրրիի, զինք նշանակած է վարչապետ` յայտնելով խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ բոլոր այն երեսփոխաններուն, որոնք առաջադրեցին եւ չառաջադրեցին իր թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ բոլորը համագործակցին հասնելու համար պէտք եղած լուծումներուն:
Միքաթի յայտնեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, ինք պէտք է ստանայ երեսփոխաններուն վստահութեան քուէն, «սակայն իրականութեան մէջ իմ նպատակս է ստանալ ժողովուրդին վստահութեան քուէն, որովհետեւ ես կախարդական գաւազաններ չունիմ մօտս եւ հրաշքներ չեմ կրնար գործել:
Երկիրը շատ դժուար փուլի մը մէջ է եւ ամբողջական փլուզման սեմին կը գտնուի», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք ստանձնած է հետզհետէ ընդարձակուող հրդեհը կասեցնելու պարտականութիւնը, որ սակայն կը կարօտի բոլորին համագործակցութեան:
«Ես կը սերտեմ կացութիւնն ու իրավիճակը, եւ եթէ պէտք եղած արտաքին երաշխիքներն ու համոզումը չունենայի, ապա նման պարտականութիւն չէի ստանձներ», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցաբար պիտի կազմէ պահանջուած կառավարութիւնը, որուն առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գործադրել ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն, յատկապէս լիբանանեան տնտեսութեան զարթօնքին:
Նշենք, որ նախագահ Աուն խորհրդակցութիւններուն սկսաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, որ մեկնումի պահուն բաւարարուեցաւ ըսելով. «Կը վերադառնամ»:
Ապա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ հաստատեց, որ առաջադրած է Միքաթիի թեկնածութիւնը, նախկին վարչապետներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հետեւելու հիման վրայ:
«Կը մաղթենք, որ Միքաթի այսօր վարչապետ նշանակուի եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմուի», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Սալամ մաղթեց, որ Միքաթի կազմէ մասնագէտներու կառավարութիւն մը` իրականացնելով ֆրանսական եւ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութիւնները:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, որ իր թեկնածուն Նեժիպ Միքաթին է, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ վարչապետ նշանակուելու օրինական տուեալները:
Մուսթաքպալ պլոքին անունով երեսփոխան Սամիր Ժսըր ըսաւ, թէ պլոքը առաջադրած է Միքաթիի թեկնածութիւնը` անոր յաջողութիւն մաղթելով եւ աղօթելով երկրին համար:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, խորհրդակցելէ ետք նախագահ Աունի հետ, յայտնեց, որ պլոքը Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրած է:
Ռաատ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պարտադիր անցքն է եւ անհրաժեշտ մուտքը` քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերուն լուծման:
«Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրելով մենք կը փաստենք մեր լրջութիւնը եւ յանձնառութիւնը` կառավարութեան կազմութեան առաջնահերթ ըլլալուն առումով, եւ կը փափաքինք դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը», հաստատեց ան:
Ազգային համախմբում պլոքի անդամ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ պլոքը առաջադրած է Միքաթիի թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահ Աունէն խնդրած են դիւրացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք առաջադրած են Միքաթիի թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը դիւրացնեն կառավարութեան կազմութիւնը:
Անկախ կեդրոնի պլոքին անունով երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան մուտք գործած է կարելիի փուլը: Ան մաղթեց, որ բոլոր կուսակցութիւնները դրական վարուելակերպ ցուցաբերեն, որովհետեւ այսօր կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է:
Ղովմի կուսակցութեան պլոքին անունով երեսփոխան Ասաատ Հարտան զօրակցութիւն յայտնեց Միքաթիի թեկնածութեան` կոչ ուղղելով ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անյապաղ ընդառաջել ժողովուրդին պահանջներուն եւ ընկերային թղթածրարը նկատել առաջնահերթութիւն: Ան շեշտեց, որ իրենց համար անիշխանութիւնը ընդունելի չէ:
Խորհրդակցական հանդիպում պլոքին անունով երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ պլոքի անդամներ Ապտել Ռահիմ Մըրատ եւ Ատնան Թրապուլսի առաջադրած են Միքաթիի թեկնածութիւնը, իսկ Ֆայսալ Քարամէ եւ ինք ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրած են: Ան մաղթեց, որ փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը կարելի դառնայ:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքի անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան ըսաւ, որ պլոքը ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեց` հաստատելով, որ պլոքը ներկայ իշխանութեան համակարգին ոչ մէկ հովանաւորութիւն կը փափաքի շնորհել:
Անկախ երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան զօրակցութիւն յայտնեց Միքաթիի թեկնածութեան:
Անկախ երեսփոխան Ուսամա Սաատ ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրեց` յայտնելով, որ իշխանութեան նոյն համակարգը ներկայացնող թեկնածուները իրեն համար բացառուած են, եւ եթէ այլընտրանքներ չկան, ապա չի նշանակեր, որ պէտք է ենթարկուիլ անոնց տրամադրած դժբախտ իրականութեան:
Անկախ երեսփոխան Միշել Տահեր առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ ան Լիբանանի համար լաւագոյն թեկնածուն է:
Անկախ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը առաջադրեց: «Կը փափաքինք տեսնել ազատ եւ անկախ անձնաւորութիւն մը, որ փտածութեան համակարգէն հեռու կը գործէ», շեշտեց ան:
Անկախ երեսփոխան Շամել Ռուքոզ ոչ ոքի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար: Ան հաստատեց, որ իշխանութեան այս նոյն համակարգն է, որ Լիբանանը իր այս վիճակին հասցուցած է:
Երեսփոխան Ժան Թալուզեան առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Անկախ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրեց` հաստատելով, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի բացայայտ ձախողութիւն, որովհետեւ իշխանութեան նոյն համակարգը պիտի պահուի:
Անկախ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը` նկատել տալով, որ այս փուլին ան բոլորէն աւելի ընդունելի է:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը առաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը երկրին փլուզումը կասեցնելու հիմնական բանալին է:
Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրած են: Ան նշեց, որ նկատի ունենալով, որ միակ լուրջ թեկնածուն Նեժիպ Միքաթին է, եւ որովհետեւ անոր հետ ոչ քաջալերական փորձառութիւն ունեցած են, որոշած են ոչ ոքի թեկնածութիւն առաջադրել:
«Կը մաղթենք, որ արձանագրուելիք գործունէութեամբ մեր կարծիքը կը սրբագրուի: Յոյսով ենք, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կը կազմուի, եւ պիտի զօրակցինք յառաջիկայ փուլին կառավարութեան գործադրելիք բարեկարգումի աշխատանքին», ըսաւ Պասիլ:
Յետմիջօրէին Նեժիպ Միքաթի արարողակարգային այցելութիւններ կատարեց նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրիի, Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի, ինչպէս նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ:
Նախկին վարչապետները Միքաթիին յաջողութիւն մաղթեցին` նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր պարտականութեան մէջ:
Վարչապետ Միքաթի այսօր` երեքշաբթի, 27 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-էն սկսեալ խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ կառավարութեան կազմութեան նպատակով երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Կը նախատեսուի, որ խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք Միքաթի անմիջապէս ուղղուի Պաապտա:
Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի զօրակցութիւնը յայտնեց նոր նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն գործակցելու վարչապետին հետ եւ դիւրացնելու նոր կառավարութիւնը կազմելու անոր պարտականութիւնը: