Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նեպիհ Պըրրի 7-րդ նստաշրջանի համար ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ

June 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanese parliament re-elects Nabih Berri as speaker

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց լիագումար իր նիստը, որուն ընթացքին ընտրուեցան խորհրդարանի նախագահը, փոխնախագահը, երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները:

Ներկայ էին մեծ թիւով դեսպաններ, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա եւ պետական այլ պաշտօնատարներ:

Փոփոխութեան երեսփոխանները, թիւով 13, խորհրդարան ուղղուեցան քալելով` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներուն:

Նախքան խորհրդարան ուղղուիլը, անոնք հաւաքուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց եւ հանդիպում մը ունեցան նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներուն հետ, ապա անոնց ընկերակցութեամբ ուղղուեցան խորհրդարան:

Փոփոխութեան երեսփոխաններէն Մարք Տաու խորհրդարան մուտք գործեց` ձեռքին ունենալով նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն լուսանկարները ընդգրկող պաստառ մը:

Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին սկսաւ 128 երեսփոխաններու ներկայութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` իբրեւ խորհրդարանի երիցագոյն անդամը, վարեց նիստը, որուն ընթացքին կարդացուելէ ետք նորընտիր երեսփոխաններուն անունները, սկսաւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւն:

Ընտրութիւնը կատարուեցաւ գաղտնի քուէարկութեամբ, որուն հիմամբ Նեպիհ Պըրրի 7-րդ նստաշրջանի համար ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ: Ան ստացաւ 65 թեր քուէ, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան 40 սպիտակ քուէ եւ 23 չեղեալ նկատուած քուէ:

Պըրրիի ընտրութեան ընթացքին փոփոխութեան երեսփոխանները պահանջեցին անպայման կարդալ քուէարկութեան թղթիկին վրայ արձանագրուած գրութիւնը եւ ապա զայն չեղեալ նկատել:

Այս իրականութիւնը բարկացուց Պըրրին, որ կարճ ժամանակի մը համար մերժելէ ետք անոնց պահանջը, ընդառաջեց անոնց փափաքին, եւ կարդացուեցան այդ գրութիւնները, որոնք բնականաբար չեղեալ նկատուեցան:

Ի յայտ եկաւ, որ փոփոխութեան երեսփոխանները քուէարկութեան թղթիկներուն վրայ արձանագրած էին հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Արդարութիւն` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհերուն», «Արդարութիւն` բռնաբարուած կիներուն», «Արդարութիւն` Լիբանանին», «Լուքման Սլիմ» եւ այլն, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները արձանագրած էին իրենց համախմբումին անունը, որն է «Հզօր հանրապետութիւն»:

Իր ընտրութենէն ետք Պըրրի արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր ընտրութեան ընթացքին տրուած սպիտակ քուէները պիտի ընդունի սպիտակ սրտով:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն էջը փակած ենք, յաղթողը յաղթած է, հետեւաբար խորհրդարանի մեծամասնութիւնը հաշուելու փոխարէն եկէք ըլլանք 128 «Այո՛»` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդող մթնոլորտին, իսկ 128 «Ո՛չ»` լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը խորացնող եւ զանոնք բաժանումի առաջնորդող մթնոլորտին: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ 128 հզօր եւ անկեղծ «Այո՛» դառնալու Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքներուն եւ անոր բնական հարստութեան պաշտպանը, ինչպէս նաեւ 128 «Ո՛չ» Լիբանանի գերիշխանական իրաւունքները սակարկելու եւ անիշխանութեան ստեղծումին դէմ», ըսաւ Պըրրի:

Ան նկատել տուաւ, որ բոլոր երեսփոխաններն ու պլոքները պէտք է իմանան իրենց ուսերուն վրայ գտնուող մարտահրաւէրներուն չափը` աւելցնելով. «Ոչ ոք խուսանաւումներ կատարելու պերճանքը ունի, յատկապէս նկատի ունենալով երեսփոխաններուն ձեռքը գտնուող «արգելակելու» զէնքը, որ պիտի ըլլայ հայրենիքին հաշուոյն գործուելիք «մեծ ոճիր» մը, որովհետեւ բոլորին վկայութեամբ  հայրենիքը արդէն իսկ «հոգեվարք»-ի մէջ է», հաստատեց Պըրրի:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց տարակարծութեամբ ու մրցակցութեամբ ծառայեն աւելի լաւ Լիբանանի մը կերտումին:

Ապա տեղի ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահի ընտրութիւնը: Այս պաշտօնին համար առաջադրուած էին երկու թեկնածուներ` Էլիաս Պու Սաապ եւ Ղասսան Սքաֆ:

Ընտրութեան աւարտին ի յայտ եկաւ քուէարկութեան հետեւեալ պատկերը. Էլիաս Պու Սաապ` 64 քուէ, Ղասսան Սքաֆ` 49 քուէ, 13 սպիտակ քուէ եւ 2 չեղեալ նկատուած քուէ:

Նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի փոխնախագահ ընտրուելու համար թեկնածու մը պէտք է ստանայ 65 քուէ, Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երկրորդ անգամ կատարելու ընտրութիւնը:

Ընտրութեան երկրորդ փուլի աւարտին ի յայտ եկաւ քուէարկութեան հետեւեալ պատկերը. Էլիաս Պու Սաապ` 65 քուէ, Ղասսան Սքաֆ` 60 քուէ, 2 սպիտակ քուէ եւ մէկ չեղեալ նկատուած քուէ:

Հետեւաբար Էլիաս Պու Սաապ ընտրուեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ:

Խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարներու ընտրութիւնը ստեղծեց մեծ եւ երկար բանավէճ մը, որ դժուարացուց ընտրութեան հոլովոյթը:

Պըրրի առաջադրեց երեսփոխաններ Ալեն Աունի, Հատի Ապուլ Հասանի եւ Զիատ Հաուաթի թեկնածութիւնները, որոնց կողքին փոփոխութեան երեսփոխանները աւելցուցին Ֆիրաս Համտանի եւ Միշել Տուէյհիի թեկնածութիւնները:

Պըրրի որոշեց, որ իւրաքանչիւրին համար առանձին ընտրութիւն կայանայ, սակայն մեծ թիւով երեսփոխանները մերժեցին այդ ձեւը` նկատի ունենալով անոր խլելիք ժամանակը:

Տարբեր առաջարկներ սերտելէ ետք, նկատի ունենալով, որ երկու ընդհանուր քարտուղարները կը նկատուին մարոնի եւ տիւրզի համայնքներուն իրաւունքը, առաջարկուեցաւ անջատ քուէարկութիւն կատարել` նախ մարոնի ընդհանուր քարտուղարին, ապա` տիւրզի ընդհանուր քարտուղարին համար:

Առաջին փուլին Ա. ընդհանուր քարտուղար ընտրուեցաւ երեսփոխան Ալեն Աուն: Քուէարկութեան պատկերն էր հետեւեալը. Ալեն Աուն` 65 քուէ, Զիատ Հաուաթ` 38 քուէ, Միշել Տուէյհի` 4 քուէ, սպիտակ` 9 քուէ եւ չեղեալ` 10 քուէ:

Մինչ խորհրդարանը կը պատրաստուէր ընտրելու իր Բ. ընդհանուր քարտուղարը, ըստ կարգի խօսք առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմարը, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի այս նիստին վերաբերող արձագանգները յուսադրիչ չեն, «իսկ մենք հանրութեան կը ներկայացնենք վատ պատկեր մը, որ յոյս չի ներշնչեր», ըսաւ ան:

Ամմար շեշտեց, որ իշխանութեան հիմքը սահմանադրութիւնն է, իսկ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրը իրաւարարն է: «Հետեւաբար սահմանադրութիւնը անգերազանցելի է, իսկ օրէնքներն ու կանոնները զետեղուած են` հակակշռելու նիստերը: Արտօնեցէ՛ք ինծի լիբանանեան հանրային կարծիքէն ներում հայցել` այսօրուան այս նիստին համար, որովհետեւ ինծի համար խորհրդարանին հեղինակութիւնը կարեւոր է: Իսկապէս վշտահար եմ այս նիստով եւ կը զգամ, որ մենք առաջին նիստէն արդէն իսկ սկսած ենք ձախողիլ», ըսաւ ան:

Ամմար Պըրրիէն խնդրեց յաւելեալ խստութեամբ կառավարել նիստը:

Ամմարի արտասանած խօսքէն ետք փոփոխութեան երեսփոխաններու թեկնածու Ֆիրաս Համտան յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, հետեւաբար Հատի Ապուլ Հասան ինքնաբերաբար ընտրուեցաւ` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի երեք խորհրդականներու ընտրութիւնը եւս կատարուեցաւ նոյն ձեւով, այսինքն` ինքնաբերաբար` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի դիւանի անդամ խորհրդականներ ընտրուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, եւ երեսփոխաններ Միշել Մուսա ու Ապտել Քերիմ Քապպարա:

Նեպիհ Պըրրի նիստը աւարտեց յայտնելով, որ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Ապա Պըրրի եւ խորհրդարանի նորընտիր դիւանը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին խորհրդարանի հիւրասրահին մէջ:

Պաապտայի Մէջ

Լիբանանի արարողակարգային կարգին համաձայն, նորընտիր խորհրդարանի նախագահը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Պըրրին եւ անոր յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ սահմանադրական շարք մը գործընթացներ:

Ապա անոնց հանդիպումին միացան խորհրդարանի նորընտիր դիւանի անդամները, որոնց ներկայութեան նախագահ Աուն մաղթեց, որ նորընտիր խորհրդարանը կարենայ դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրութեան ընդմէջէն փրկէ Լիբանանը` երկիրը յուզող տնտեսական եւ ընկերային տագնապէն, երկրին համար ապահովելով տնտեսական անհրաժեշտ բարգաւաճում:

Պաշտօնական լուսանկարը ստանալէ ետք Պըրրի Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Իսկ պատասխանելով լրագրողներուն տուած այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահ Աունի հետ քննարկա՞ծ է վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու հարցը, Պըրրի ըսաւ. «Անկասկած»:

Նախագահական պալատէն ետք Պըրրի վերադարձաւ Այն Թինէ, ուր կը տիրէր տօնական մթնոլորտ:

Նշենք, որ հակառակ խորհրդարանի նախագահին կոչին, անոր ընտրութեան պահուն ուրախութեան կրակոցներ արձանագրուեցան Սայտայի եւ Շիյյահի մէջ:

Previous Post

Ուքրանիոյ Խերսոն մարզը մտադիր Է մօտիկ ապագային մաս կազմել Ռուսիոյ

Next Post

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.