ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Մեր կողմնապաշտութիւնները եւ շահախնդրութիւնները գերանցելով, պիտի կարենա՞նք հեռանկարային քննութեան առարկայ դարձնել մեր «կացութիւն»ը եւ «ներազգային խնդիրներ»ը, հասկնալու համար իրաւ պատճառները մեր տեղքայլին, նահանջներուն, պառակտումներուն, ոչ թէ ինքնարդարացման ճապկումներու դիմելով, այլ՝ վերականգնելու եւ յառաջդիմելու:
Երբեմն կը խորհիմ, որ աշխարհ կը փոխուի, նոր միտքերու եւ արհեստագիտութեան թելադրութեամբ, բայց կարծէք դեռ մենք կ՛ապրինք ամիրաներու կամ գրամեքենաներու ժամանակը, ինչ կը վերաբերի հաւաքական-ազգային կազմակերպութեան, հակառակ անոր որ «արդիականութիւն»ը մեր տուներու եւ առօրեային մէջ է, կրկնելով ինչ որ սովոր էինք ընելու հարիւր կամ յիսուն տարի առաջ:
Մանաւանդ պէտք է դադրինք մենք մեզ օրօրելէ այն միամտութեամբ, որ «ամէն բան լաւ է աշխարհներու լաւագոյնին մէջ», ինչպէս կ՛ըսէր Վոլթէրի հերոս «Քանտիտ»ը, կամ միացած ենք, կամ պառակտումներ չունինք: Քաջ պէտք է ըլլալ այդ բոլորը տեսնելու համար, եւ նկատի ունենալ, որ աշխարհ փոխուած է, տեղեկութիւնները լոյսի արագութեամբ կը շրջին, ճշմարտութիւնները կարելի չէ թաքցնել, այսինքն բառակոյտերը չեն վարագուրեր իրականութիւնները:
«Ամէն բան լաւ է», աւելի լաւ կ՛ապրինք, վերջապէս «կը ճանչնան ցեղասպանութիւն»ը, սակայն ազգը որպէս այդպիսին, կը նահանջէ, «հողակտորի քաղաքականութիւն» կը վարենք, ազգային լեզուն կ՛այլասերի եւ երեւոյթը բնական կը համարուի, աղէտ-արտագաղթը կը շարունակուի, իսկ հայրենադարձութիւնը այլեւս ճառերու մէջ անգամ չի յիշուիր: Աշխարհի ծանօթ-անծանօթ անկիւնները խաչքար կը տեղադրենք, այնքան՝ որ Հայաստան պիտի արտածէ իր հանքերու քարերը, եւ թերեւս մշակելի հողերու տարածութիւնը այդ ձեւով կ՛աւելնայ:
Խորհրդային համակարգի փլուզումը ընթացիկ քաղաքական երեւոյթ չէր. վարչակարգի մը փոխարինումը ուրիշով մը: Ուշադիր կերպով չհետեւեցանք մեծ իրադարձութեան ընկերափիլիսոփայական եւ անոր զուգահեռ հոգեբանական փոխութեան, ինչ որ աւելի դիւրութեամբ տեսանելի է համայանավար կուսակցութիւններու գրեթէ չքացումով: Մարդիկ եւ ժողովուրդներ այլեւս չէին ուզեր, եւ չեն ուզեր, իրենց ճակատագիրը յանձնել «կեդրոնական» մարմնի մը, որ ընդհանրապէս կ՛ենթարկուի անձի մը: Համակարգը ունէր յատուկ անուն եւ կը կոչուէր «ժողովրդավարական կեդրոնացում» (centralisme democrtique): Այս համակարգի մերժումով կը բացատրուին համայնավար կուսակցութիւններու անհետացումը կամ անոնց արմատական փոխոխութիւնը: Թէեւ միշտ կարելի է հանդիպիլ կարօտախտէ տառապողներու:
Մարդիկ կ՛ուզեն արտայայտուիլ, նոյնիսկ երբ անհեթեթութիւններ կ՛ըսեն, եւ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը դուռը լայն բացած է ամէն կարգի կարծիքներու առջեւ, կ՛ակնարկեմ բազմանուն համացանցային կայքերու. անհատական, խմբային, հաւաքական: Այդ խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը կարելի չէ հակակշռել «լաւ է»ի եւ կամ «լաւ չէ»ի պառաւական գնահատումներով, կամ արուեստական արգելքներով: Գերանցում պէտք է կատարել, եւ այդ կարելի է միայն ազատութեան «որակ» տալով: Այս «որակ»ի հարցը օրակարգ պէտք է ըլլայ եւ չէ:
Այդ «որակ»ի նուաճումը, ժամանակակից ըմբռնումներու, մտածումներու, հաղորդակցութեան, քաղաքակրթութեան մշակութային զարգացման ընձեռած պայմաններուն մէջ, սերտ եւ անշրջանցելի յարաբերակցութիւն ունի «լուռ մեծամասնութիւն» կազմող զանգուածներու մասնակցութեան հետ ընդհանրապէս եւ ամէնուրեք: Այդ լուռ մեծամասնութեան տեղ տալու եւ զայն մասնակցութեան բերելու ուղղութեամբ քայլեր կ՛առնուին, թէեւ անբաւարար: Այս «անբաւարար»ը «ղեկավարութիւններ»ու նկատմամբ կը յառաջացնէ անտարբերութիւն կամ անվստահութիւն, եւ մարդիկ չեն քուէարկեր: Քուէարկութեան կը մասնակցին իրաւունք ունեցողներու հազիւ թէ կէսէն աւելին, ընտրուողները կը ստանան այդ հազիւ թէ կէսէն աւելիին հազիւ թէ կէսէն աւելին, այսինքն՝ քառորդը: Այլ խօսքով, ժողովրդավարութիւնը կ՛այլասերի, երբ կ՛անտեսուի լուռ մեծամասնութիւնը:
Յատկանշական է Ֆրանսայի մէջ որդեգրուած նախագահական ընտրութեան նախապատրաստութեան եղանակը: «Ընկերվարական» կամ «Ժողովրդական շարժում միութիւն» կուսակցութիւններու նախագահական «թեկնածութեան թեկնածուներ»ու համար կը կազմակերպուի «նախա-ընտրութիւն», ընդհանուր ճակատումէ առաջ, ընտրողները զտում կը կատարեն, ընտրութիւնը ընտանեկան կամ նեղ շրջանակի մը նախասիրութիւն չ՛ըլլար: Այս ձեւով մարդիկ, հաւատացեալներ, միութեան մը կամ կուսակցութեան մը անդամներ, իրենց թեկնածուին մասին կարծիք կը յայտնեն, փոխանակ իրենք զիրենք գտնելու «էսթեպլիշմընթային» որոշումներու առջեւ, որ համայնավարական «ժողովրդավարական կեդրոնացման» (centralisme democratique) այլ մէկ պատկերն է, իր ամլացնող եւ մենատիրական հետեւանքներով, ինչպէս եղած է եւ է պարագան «ցկեանս» նախագահներու, անոնց ժառանգներու, եւ նոյն դիրքերու վրայ յաւերժացողներու:
Նման կացութիւն բնականօրէն ծնունդ կու տայ «նախախնամական» կամ «անփոխարինելի» ըլլալու փորձութեան (փորձանքին) եւ առասպելին: Դեռ կարգ մը երկիրներու եւ շրջանակներու մէջ, այս բացասականութիւններուն վրայ կը գումարուի ծնունդի իրաւունքով իշխանութիւնը (nռpotisme), հայր, որդի, կին, զարմիկ, եւայլն, շարունակելով «աստուածատուր» իրաւունքով արքայական իշխանութիւնը (roi de drtoit divin):
Մեր ժողովուրդի պարագային, այս բացասականութիւններուն վրայ կը գումարուի դրամի հզօրութեամբ իշխանութիւն ունենալու ջոջականութիւնը, ամիրայական ոճը, որուն համար, պահելով համեմատութիւնները, Հռոմի քահանայապետերէն մին ըսած էր «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը»:
Իսկական ղեկավարութիւնը, նոյնիսկ երբ ընտրական համակարգէ մը չէ բխած, ան է որ ժողովուրդին, ժողովուրդներուն, «Երազ» կը ներշնչէ: Այդ երազը եթէ ներշնչուած ըլլար, պէտք է կրկնել, արտագաղթ տեղի չէր ունենար, տեղի կ՛ունենար հայրենադարձութիւն: Եթէ այդ երազը չի ներշնչուիր, ի՞նչ կը բանին ղեկավարութիւնները: Իսկ այդ երազը պէտք չէ շփոթել զբօսաշրջութեան, բարեսիրութեան, տեղ չհասցնող խորհրդաժողովներու հետ:
Լուռ մեծամասնութիւնը, երբ անտարբեր կը դառնայ, կը խզուին կապերը, եւ տոկալու ու տեւելու ճառերը կը դառնան անիմաստ:
Շատ ժամանակ չունինք հեռանկարները եւ նախաձեռնութիւնները ճիշդ հունի վրայ դնելու համար:
Ազգային եւ ներազգային «խնդիրներ»ը պիտի ուզե՞նք տեսնել «արդիականութիւն եւ որակ զոյգ»ի լոյսին տակ, անպտուղ «էսթէպլիշմընթ»ները աքսորելով Ռոպէնսոնի կղզին:
Արդիականութեան եւ որակի լոյսին տակ ազգի հեռանկարով, տօնախմբութենէ տարբեր խորհրդաժողով մը կարելի՞ է իրականացնել, առանց խնկարկութեան եւ առանց փողերախումբի:
Դեռ կա՞յ այդ կարելիութիւնը:
«Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»ի իմաստութեան հետեւելով»: