Հայկազեան համալսարանը նշանակուած է իբրեւ խորհրդատու կառոյց՝ «Ներառական կրթութեան փորձառական ծրագիր»-ին, որ սկիզբ առած է Լիբանանի Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կողմէ, գործակցութեամբ նոյն նախարարութեան Կրթական հետազօտութեան եւ զարգացման բաժանմունքին եւ նեցուկը կը վայելէ ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամին (UNICEF) եւ Քանատայի կառավարութեան:
Ներառական կրթութեան ծրագիրին նպատակն է զարգացնել եւ յառաջ մղել ներառական կրթութիւնը Լիբանանի պետական դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ աւելցնել յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ներառումը կրթական կեանքին մէջ: Ծրագիրը արդէն կը փորձառկուի Լիբանանի բոլոր շրջաններէն 30 պետական վարժարաններու մէջ:
Ծրագիրի իբրեւ հիմնական խորհրդատու, Հայկազեան համալսարանը համապատասխան գիտական եւ վերլուծական փաստաթուղթերով, ուղղութիւններ տալով պիտի վերահսկէ անոր կատարեալ գործադրութեան:
Ծրագիրին պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ներկայութեամբ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պատուիրակութեան, որ կը գլխաւորէր Հիլտա Ալխուրին, ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի Կրթութեան բաժանմունքի նախագահ Փիթըր Քուամոյի եւ կրթական մարզի մասնագէտ Մէրի Պօղոսեանի, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի: Ներկայ էին նաեւ Համալսարանի անձնակազմէն պատասխանատուներ:
Հանդիպումին սկիզբը, Հայկազեան համալսարանի Մանկավարժութեան բաժինի պատասխանատու, դոկտ. Հանին Հութ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, ընդգծելով անոր կարեւորութիւնն ու գործադրութեան ձեւերը:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շեշտելով Ներառական կրթութեան ծրագիրին կարեւորութիւնը, մատնանշեց կարգ մը դժուարութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան ի յայտ գալ ծրագիրին գործադրութեան ընթացքին եւ ապագային, յատկապէս ծրագիրին լրջութեան գծով, ինպէս նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցող աակերտներու ներառման հարցով բարձրագոյն ուսման եւ գործի ասպարէզնէրուն մէջ:
Իր խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի Մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամի Կրթութեան բաժանմունքի նախագահ Փիթըր Քուամօ անդրադարձաւ դպրոցներուն մէջ ներառական կրթութեան որդեգրման կարեւորութեան, շեշտելով, որ անոր ընկալումը շրջապատին կողմէ անհրաժեշտ է յաջողութեան համար: Քուամօ ընդգծեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի դերը ծրագիրի իրագործման եւ հասանելի դարձնելու գործին մէջ:
Լիբանանի Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան պատուիրակութեան նախագահ Հիլտա Ալխուրին ներկայացուց նախարարութեան պատկերացումը՝ Ներառական կրթութեան ծրագիրի գործադրութեան գործին, շեշտելով յատկապէս Հայկազեան համալսարանի դերակատարութեան վրայ՝ ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին հիմնական գիտական եւ վերլուծական փաստաթուղթերը տրամադրելով, ինչպէս նաեւ հարկ եղած պարագային ուղղութիւններ տալով անոր:
Հանդիպման աւարտին ներկաները օգտաշատ զրոյց մը ունեցան ծրագիրի եւ ընդհանրապէս ներառական կրթութեան մարզի դժուարութիւններու եւ անոնց լուծման մասին:
Միրա Եարտըմեան
Հանրային Կապերու Պատասխանատու