ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 28 Յուլիսի երեկոյեան ընդունեց Ատրպէյճանին յատկացուող Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնները դադրեցնելու մասին քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի կողմէ ներկայացուած եւ 20 այլ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող առաջարկը, որ կը շեշտէ. «Միջազգային ռազմական կրթութիւն եւ մարզում», ինչպէս նաեւ «Արտաքին ռազմական ֆինանսաւորման ծրագիր»ի միջոցով յատկացուող որեւէ գումար պիտի չտրամադրուի Ատրպէյճանին»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց «սկզբունքային եւ երկկուսակացական» այս քայլը, որ դէմ կը դնէ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան դէմ Պաքուի բռնարարքներուն, որոնք կը շարունակուին։ «Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ օրէնսդրական փոփոխութիւններու միջոցով վստահ ըլլալ, որ ամերիկեան հարկերէն գոյացող ոչ մէկ տոլար ուղղուի Ատրպէյճանի խարդախ, քարիւղով յղփացած բռնապետ Ալիեւի բանակին»:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Փալոն եւս ողջունեց որոշումը։
Առաջարկը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2022ի ամավարկին իբրեւ յաւելուած ներկայացուցած էր Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Ճեքի Սփիրի եւ Էտըմ Շիֆի ջանքերով: