ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ, պատասխանելով թրքական ընդդիմադիր «Պիրկիւն» թերթի հարցումներուն՝ ըսած է, որ Թուրքիան կարելի է ճիշդ ճամբու վրայ կանգնեցնել միայն հալածուող ու ճնշումներու ենթարկուող լայն զանգուածները միաւորելու եւ զանոնք մէկ նպատակի ծառայեցնելու միջոցով:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական մրցակցութիւնը կարելի ու իմաստալից պիտի դառնայ՝ այդ երկրին մէջ ժողովրդավարական արժէքներու ամբողջական իւրացումէն ետք միայն:
«Սակայն մինչ այդ, ես կը կարծեմ, որ մեր պարտքն է կազմել ազգայնամոլութեան դէմ ամէնէն լայն ընդդիմադիր հասարակական զանգուածը», ըսած է Տեմիրթաշ:
«Ներկայիս, երկրին մէջ չկան ընտրութեան ազատ պայմաններ։ Ամէնէն առաջ պէտք է պայքարիլ սահմանուած արտակարգ դրութեան, անարդարութեան եւ ճնշումներուն դէմ», աւելցուցած է ան:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2016ին, Տիգրանակերտի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած էին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 10է աւելի ղեկավարներ, ներառեալ՝ կուսակցութեան համանախագահներ Տեմիրթաշն ու Եուքսեքտաղը:
Անոնք կը մեղադրուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով: