ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ներկայիս, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով բանակցութիւններ չեն վարուիր, Երկուշաբթի օր տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին։
«Ի պատասխան ձեր հարցման՝ յայտնում ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի դիւանագէտների միջեւ շփումները սահմանափակւում են միջազգային օրակարգի տարաբեր հարցերի շուրջ բազմակողմ ձեւաչափով քննարկումներին մասնակցութեամբ», կ՛ըսուի պատասխանին մէջ:
Վերջերս, Անգարա եւ Երեւան պարբերաբար պատգամներ կը փոխանցեն երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ: