Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի. Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

September 4, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի. Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ու խուռներամ բազմութեան, չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին Պուրճ Համուտի մէջ բացումը կատարուեցաւ մանկական շարժական փոքր խաղավայրի մը: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ խաղավայրը հիմնած` «Նասսանտ» միութեան նախագահ Կիտա Նաուամ, պարզելով իր գլխաւորած միութեան ճիգերը, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Նոյն ծիրին մէջ Պէյրութի շտապ օգնութեան պատուիրակութեան յառաջատար ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Շարպել Թաուիլ խօսք առնելով անդրադարձաւ մանկական այս ծրագիրի գաղափարի կարեւորութեան եւ անոր իրագործման քայլերուն:

Իր կարգին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան արաբերէն իր խօսքին մէջ նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ այլ իրերայաջորդ դէպքերու յառաջացուցած տագնապները հարուածեցին ընկերութեան բոլոր խաւերը, սակայն ամէնէն աւելի ազդուեցան եւ տուժեցին մանուկները, որոնք արժանի են հոգածութեան ու պաշտպանութեան: Գրիգորեան այս առիթով քաղաքապետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ միութեան տարած ճիգերուն եւ նպաստին:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ նահանգապետ Մաքքաուի, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց մանկական այս փոքր տարածքի բացման իր մասնակցութեան համար` նշելով, որ այս քայլը երեխաներու ամէնէն պարզ իրաւունքն է` ապահով խաղավայր մը ունենալու գծով: Լեռնալիբանանի նահանգապետը շեշտեց տեղական իշխանութեան, քաղաքացիական ընկերութեան եւ կեդրոնական վարչամեքենային միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ի սպաս ընկերութեան կարիքներու հոգածութեան: Դատաւոր Մաքքաուի շնորհաւորեց «Նասսանտ» ընկերութիւնն ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` ընդգծելով «թաղային խաղավայրի» կարեւորութիւնը: Ապա դատաւոր Մաքքաուի, «Նասսանտ»-ի նախագահ Կիտա Նաուամ եւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան պաշտօնապէս բացումը կատարեցին մանկական շարժական այս փոքր խաղավայրին:

Նշենք, որ խումբ մը մանուկներ, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, օգնած են այլ մանուկներու խումբի մը ` զարդարելու մանկական այս շարժական խաղավայրը, որ դրսեւորումն է «Փարթիսիփլէյ» կոչուող, ներկով ու ցանքով յատկանշուող մանկական վերջնական այս դրոշմներուն

Այս ծրագրի գաղափարը յատուկ մանուկներու համար յղացած եւ պատրաստած են Շուէտի «Շալմըրզ» համալսարանի ուսանողներ, որպէսզի մանուկները կարենան յաղթահարել դէպքերու յոգեցնցումին հետեւանքները:

Previous Post

«Տրամաբանական Պիտի Ըլլայ, Որ Հայաստան Եւ Թուրքիա Ձեռնամուխ Ըլլան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման». Լաւրով

Next Post

Հարցազրոյց Յատուկ Լիբանան Գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Հետ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.