ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմէնիա».- Արցախի մէջ, ուր ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած են, վերջերս լուրջ միջադէպեր չեն արձանագրուած, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Այժմ մեր խաղաղապահները կը գործադրեն իրենց լիազօրութիւնը. որեւէ մեծ միջադէպ չէ արձանագրուած. այդ մէկը կ՛ընդունին թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի մէջ: Առանձին մանր պատահարները արագ կը լուծուին: Այո՛, ատրպէյճանական-հայկական սահմանին վրայ առանձին հատուածներու մէջ լարուածութիւն կայ, սակայն անիկա Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապ չունի», պնդեց նախարարը՝ «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» խորհրդաժողովի ընթացքին:
«Արիւնահեղութիւնը աւարտած է, քիչ մը աւելի ուշ, քան մենք կողմերուն առաջարկած էինք, եւ մեր մեղքը չէ, որ պատերազմը աւելի երկար տեւեց: Խաղաղութիւնը հաստատուած է աւելի ուշ: Մենք ընդամէնը միջնորդներ էինք եւ չէինք կրնար կողմերուն ստիպել, կրնայինք միայն համոզել, որ հետագայ արիւնահեղութիւնը անիմաստ է եւ ծայրայեղ վտանգաւոր. ապագային մարդիկ այս հողին վրայ ինչպէ՛ս պիտի ապրին», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Ան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է սորվին իբրեւ լաւ դրացիներ ապրիլ, եւ ինք խորհուրդ տուած է Երեւանէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու փոխարէն՝ հասարակ մարդոց կեանքը բարելաւելու ուղղութեամբ ջանքեր գործադրելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումով «շահագրգռուած են ո՛չ միայն այդ երկու պետութիւնները, այլ նաեւ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան, որոնց կարծիքը նոյնպէս պէտք է բանակցային հոլովոյթին մէջ նկատի առնուի»:
«Ես կը հասկնամ, որ հիմա շատերը կը խօսին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին՝ չլուծուած ըլլալուն մասին: Անոր շուրջ տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնք ներկայ փուլին, հաւանաբար, պէտք չէ արթնցնեն կարգավիճակի հառցը, այլ աջակցին վստահութեան ամրապնդման, մարդասիրական հիմնահարցերուն, որպէսզի հայերը եւ ատրպէյճանցիները դարձեալ սկսին միասին ապրիլ՝ անվտանգութեան եւ տնտեսական բարեկեցութեան պայմաններուն մէջ: Եւ այն ատեն, ձեզի կը վստահեցնեմ, որ 2-3 տարի ետք, եթէ մենք այդպիսի կեանք հաստատենք, կարգավիճակի բոլոր հարցերը շատ աւելի դիւրին պիտի լուծուին», ըսաւ Լաւրով: