«Ազդակ»-ի 22-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցեց Պրիւսովի համալսարանի դասախօս, միջազգայնագէտ դոկտ. Արմէն Պետրոսեան: Լսարանին նիւթն էր` «Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը կարեւոր նկատելէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի փորձագիտական մարդուժի միացեալ քննարկումները, նիւթը կեդրոնացուց յատկապէս արցախեան պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ անոր ունեցած ազդեցութեան վրայ: Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան, Ազրպէյճանի յարձակողականութեան եւ ապակառուցողականութեան օրինակներուն մասին խօսելէ ետք, ան ներկայացուց յետպատերազմեան սահմանային փոփոխութիւնները եւ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ ֆիզիքապէս անվտանգութեան հարցերու զարգացման հաւանականութիւնը: Անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը ընդգծելով` դոկտ. Պետրոսեան խօսեցաւ բանակին հետ կապուած հարցերուն, ներհասարակական անհանդուրժողութեան մթնոլորտին, տեղեկատուական տագնապին, ժողովրդագրական ճգնաժամին եւ յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ գոյացած նոր հիմնահարցերուն մասին:
Արտաքին քաղաքականութեան առումով պատերազմէն ետք Ռուսիայէն յաւելեալ կախեալութիւնը, խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ Թուրքիոյ տեղակայումը Կովկաս, ապա` նախ Իրանի եւ յետոյ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն դուրս մղումը այս գործընթացներէն նոր իրադրութիւններ են, որոնք կրնան հետագային հետեւանքային ազդեցութիւն ունենալ մեր երկրի անվտանգային միջավայրին վրայ:
Դոկտ. Արմէն Պետրոսեան ներկայացուց նաեւ միջինարեւելեան շրջանին հետ կապուած նորագոյն իրադարձութիւնները, այդ բոլորին մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ստանձնումով սպասուող որոշ փոփոխութիւններու հաւանականութիւնները:
Զեկուցումին յաջորդեց հարցում-տեսակէտի բաժին: