«Առաջնորդութիւնը տեսիլքներու յստակացումն է, արժէքներու կազմաւորում եւ միախմբում, նաեւ մթնոլորտի եւ կարելիութիւններու ստեղծում, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ յառաջխաղացք արձանագրել»:
ՌԻՉԸՐՏԶ ԵՒ ԷՆԿԸԼ (1986)
Առաջնորդութիւնը միշտ ալ առկայ եղած է մարդկային պատմութեան մէջ եւ անոր բոլոր հոլովոյթներուն ընթացքին: Քաղաքական, ընկերային, կրօնական, տնտեսական թէ մշակութային բնագաւառներու մէջ առաջնորդութիւնը միշտ ալ կերտած է անհատական թէ հաւաքական ու ազգային կեանքերու զարգացումները: Հաւաքականութիւն, երկիր թէ պետականութիւն, միշտ ալ հետամուտ եղած են առաջնորդներու եւ առաջնորդութեան մտքին ու մտայղացումին` տեսնելու եւ կերտելու համար կեանքի զարգացումը իր տարբեր բնութագրումներով:
Դոկտ. Ճոէն Սիուլլա, որ առաջնորդութեան եւ առեւտըրատնտեսական բարոյագիտութեան դասախօս է միջազգային շատ մը համա- լսարաններու մէջ կ՛ըսէ. «Առաջնորդութիւնը անձի ու դիրքի հանգամանք չէ: Ան բարոյական-կենցաղավարական մարդկային յարաբերութիւններու համոյթ մըն է, հիմնուած փոխադարձ վստահութեան, պարտաւորութեան, նուիրւածութեան, զգացումի եւ հասարակաց տեսիլքի վրայ, ձգտելով լաւին ու բարիին» (1998):
Այս իմաստով յստակ է, թէ առաջնորդութեան մէջ մէկ կողմէ կայ ծրագրում եւ պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ` արժէքներու ստեղծում եւ յստակացում` կերտելու համար համակարգ մը, որ պիտանի է: Համակարգ մը, որ պէտք է ներառել տարբեր «զգացում», բայց նաեւ խմբաւորել ««Միտքեր»` հասարակ յայտարարի մը տակ:
Հայկական իրականութեան համար միշտ ալ առաջնորդութիւնը հրամայական հարց եղած է: Սփիւռքեան իրականութիւնը, Ցեղասպանութենէ ետք ստեղծուած պարտադրուած գաղութներու իրավիճակով, զուրկ պատմական Հայաստանի հարազատ հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն: Հայրենի պետականութիւնը իր անկախացած ներկայ իրավիճակին մէջ սկսաւ սեփական առաջնորդութիւն ունենալ, գիտակցիլ եւ կերտել: Եթէ սփիւռքեան իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր գաղութ կը փորձէ կազմակերպել իր կրօնական, ազգային, ընկերային եւ քաղաքացիական առաջնորդութիւնը` մեկնելով գաղութի եւ անոր պատկանած երկրին քաղաքական իրողական պայմաններէն, հայրենի պետականութեան պարագային ան քայլ առ քայլ կը փորձէ կազմաւորել իր առաջնորդութիւնը, իր պատշաճ տեղն ու դիրքը գրաւելով համաշխարհային համակարգին մէջ…:
Բայց հայկական իրականութիւնը կը գտնուի պատմական, շրջանային եւ ազգային մեծ հանգրուանի մը սեմին: Արդէն միայն երկու տարի մեզ կը բաժնէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն, ինչ որ` ոգեկոչումէն անդին` հայկական իրականութիւնը կը դնէ ոչ թէ միայն պատմական-պահանջատիրական եւ քաղաքական նոր դարաշրջանի մը անկիւնադարձին, բայց նաեւ` տարբեր պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման: Եթէ անցնող հարիւր տարիներու պատմութեան փորձն ու անոր վերլուծումները հիմնական են, բայց նոյնքան կարեւոր են յաջորդ շրջանի իրողական տուեալները (թերեւս նաեւ պարտադրուած իրավիճակները), որոնք նոր լիցք եւ բնութագրում պէտք է տան հայրենի եւ համասփիւռքեան մեր տեսադաշտերուն:
Հոսկէ մեկնելով պիտի արժեւորել հայկական առաջնորդութիւնը, անոր միտքը եւ տեսիլքը, նուիրուածութիւնը եւ զգացումները, եւ տեսնել թէ ի՞նչպէս պէտք է այդ բոլորը դնել հասարակաց յայտարարի մը տակ, ուր պիտի միախմբէ հայրենի եւ համասփիւռքեան մտածողութեան տեսադաշտերը:
Ընկերաբանութեան մէջ, բանականութեան գործընթացը ըսելով (rationalization) կ՛ակնարկուի որեւէ հաւաքականութեան մը սովորութիւններուն, արժէքներուն եւ զգացումներուն յեղաշրջման, որոնց վերափոխումով կը կազմուին նոր համակարգեր, որոնք աւելի հաշուենկատ եւ իմացական կ՛ըլլան` քան նախորդները:
Այս իմաստով, Մաքս Ուէպէր` գերման քաղաքականութեան եւ ընկերաբանութեան մտածողութեան մէջ յառաջացուց շատ մը տեսութիւններ (տես` «Տնտեսութիւն եւ ընկերութիւն»-ը, 1921): Մեկնելով բանականութեան գործընթացին ընդհանրական քննարկումներէն, ան հիմնաւորեց երեք ուղղութիւններ: Աւանդականը` որ կը կեդրոնանայ առաւելաբար ժառանգական ու պատմական տըւեալներու եւ արժէքներու հիմամբ առաջնորդութեան (որ աւելի ընդհանրական է` քան անհատական): Համակարգայինը (bureaucratic), որ կառուցային է, ուժական, բայց ոչ անհատական: Եւ վերջապէս` քարիզմայինը (charisma), որուն առաջնորդութիւնը ուժական է եւ աւելի անհատական նախաձեռնութեամբ:
Մաքս Ուէպէր կը մտնէ վերլուծումներու, քննարկումներու եւ դրական-ժխտական մեկնաբանութիւններու տուեալ հիմքերուն ու անոնց կիրարկման մէջ: Մաքս Ուէպէրէն անդին բազմաթիւ են նաեւ այլ մտածողութիւնները, որոնք քննարկած ու լուսաբանած են քաղաքական-ընկերաբանական այս տեսութիւնները, բայց այն ինչ որ կը մնայ հետաքրքրական եւ ուսումնասիրելի` Մաքս Ուէպէր տեսութիւնն է իր ըրած բաղդատականին` համակարգային (bureaucratic) եւ քարիզմային (charisma) առաջնորդութիւններու-հեղինակութիւններու ձեռք բերած յեղաշրջումներու-փոփոխութիւններուն մէջ, ուր ան զանոնք կ՛որակէ «արտաքին» եւ «ներքին»:
Արտաքին փոփոխութիւնը, ինչ որ է պարագան համակարգային դրութեան, իր առաջնորդութեան հիմքը կը կեդրոնացնէ հաւաքականութեան արտաքին կազմուածքին վրայ, ինչպէս կարգ ու սարք, կառոյց եւ այլն…: Ներքինը, ինչ որ է պարագան քարիզմայինը, որուն առաջնորդութեան հիմքը կը կեդրոնանայ մեկնելով տրուած հաւաքականութեան աշխարհագրական, մշակութային, ընկերային-կենցաղային, ցեղային, քաղաքական-քաղաքացիական տուեալներու վրայ: Ներքինը իր առաջնորդութեան, յեղաշրջումի ուժը կ՛առնէ ու կը կեդրոնանայ հաւաքականութեան ներքին տուեալներէն ու պահանջներէն, յառաջացնելով փոփոխութիւն մը` իմա «սրտի փոփոխութիւն» (ինչպէս որ Ուէպէր կ՛որակէ metanoia):
Եթէ «սրտի փոփոխութիւնը» (metanoia) կրօնական-քրիստոնէական իմաստով պիտի բացատրել որպէս զղջում եւ անցեալի կեանքէն դէպի նորը անցում (իմա` նոր սիրտ), բայց նաեւ պէտք է հասկնալ եւ բացատրել որպէս անկիւնադարձային հանգրուան, նոր ուղղութիւն որդեգրել, եթէ ոչ միայն զղջումի գիտակցութեամբ, բայց անպայմանօրէն զարթնումի եւ սթափելու հասկացողութեամբ:
Ներկայ օրերու քաղաքական ու ընկերային համաշխարհային ու շրջանային իմաստով մեծագոյն իրադարձութիւնը Արաբական աշխարհի մէջ ստեղծուած եւ տակաւին մինչեւ օրս շարունակուող «Արաբական գարնան» յառաջացուցած թոհ ու բոհն է: Եթէ «Արաբական գարունը» սկսաւ այսպէս ըսած «ներքին» քարիզմայով, նոր համակարգ-սիրտ մը ստեղծելու ջանքով ու տեսլականով (իւրաքանչիւր արաբական երկիր ինքն իր վիճակին մէջ), բայց եւ այնպէս ան չկրցաւ պահել իր սկսած «ներքին» ուժն ու հմայքը: Անոր յեղաշրջումը, ներառեալ առաջնորդութեան եւ «ներքին» օրակարգը խառնուեցաւ «արտաքին» հաշիւներու հետ, ինչ որ կորսնցուց (եւ տակաւին կը շարունակէ կորսնցնել) իր «ներքին» քարիզմային յառաջացուցած հմայքը եւ կորովը:
Ներհայկական իմաստով, «արտաքին» եւ «ներքին» առաջնորդութիւններու գործընթացներու օրինակներ պէտք է տեսնել ազգային-մշակութային շատ մը ծրագիրներու եւ աշխատաձեւերու վերակազմակերպումներուն մէջ: Փորձը ցոյց տուած է, թէ եղած են պարագաներ, ուր մեր աշխատանքներու վերադասաւորումը կը կատարենք մեկնելով «արտաքին» տուեալներէ` կալուած, պիւտճէ, գաղութի թիւ եւ այլն, յաճախ անգիտանալով եւ անտեսելով նոյնքան (եւ շատ անգամ աւելի կարեւոր) ներքինը` աշխարհագրական գործօնը, մշակութային տուեալները, ինքնութեան պահպանումը, գաղութային դիրքն ու գործօնը ու տակաւին քաղաքական-պատմական կարեւորութիւնը:
Այս իմաստով արժէ վերանայիլ հայկական իրականութեան (հայրենի պետականութիւն եւ սփիւռք), նոր հանգրուանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ անոր դիմաց մեր մշակած առաջնորդութեան ռազմավարութիւնը: Եթէ սփիւռքեան մեր իրավիճակները այսօր, աւելի քան երբեք, մեզ կը դնեն իրարու հետ շաղկապուած եւ առնչուած շատ մը օրակարգերու հետ (ազգային-պահանջատիրական, քաղաքական, մշակութային…), Նոյնը կարելի է ըսել հայրենի իրավիճակի հիմնահարցերուն պարագային: եթէ նոր հանգրուանի մը սեմին ենք եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորքը եւ պարտաւորութիւնները զգաստութեան կանչելու հանգրուան մըն են այս պիտի ենթադրէր, որ մենք պէտք ունինք առաջնորդութեան մտքին ու ուժին, որ կու գայ «ներսէն»` հայկական իրավիճակէն, ինչ որ կարելի պիտի ընէ արտադրել-ստեղծել «նոր սիրտ» մը, որ ներազգային է, որուն հմայքը չի կորսուիր եւ որուն ուժը չի տկարանար: «Ներքին» առաջնորդութիւնն է, որ պիտի կարենայ վերայստակացնել հայուն տեսիլքը, վերախմբաւորել ազգային արժէքը եւ վերստեղծել համահայկական մթնոլորտ-հասարակ յայտարարը, որպէսզի հայկական գործօնը յառաջխաղացք արձանագրէ:
«Ներքին առաջնորդութիւնը» եւ անոր «նոր սիրտը»: Հայուն ազգային-պահանջատիրական դարաշրջանին համար ամուր սկզբնաւորութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ