Թամար Սնապեան- Սուրտճեան
Ահաւասիկ գրասեղանիս վրայ է Հայդուկապետ, հայ ազատագրական պայքարի կարկառուն դէմքերէն՝ Նիկոլ Դումանի անտիպ նամակներու հաւաքածոն, որ լոյս տեսաւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ,
խմբագրութեամբ վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի։
Այսօր Երեւանէն մեզի հասան 6 օրինակներ, որոնցմէ առաջինը՝ իմ շատ սիրելի Պարոն Փամպուքեանը մակագրեց ինծի։ Հպարտառիթ եւ երջանիկ պահ մըն էր այդ, տարիներու աշխատանքը՝ գեղատեսիլ, որակաւոր եւ բովանդակութեամբ հարուստ հատորի մը տեսքով։ Այո, անխոնջ խմբագիրին տարիներու տքնաջան աշխատանքի արգասիքն է, եւ ես հպարտ եմ, որ մասնակիցն եմ այդ երկարաշունչ գործին…
Վստահ եմ այս պատկառելի հատորը ըստ արժանւոյն պիտի գնահատուի ո՛չ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան ուսումնասիրողներուն (կամ ընդհանրապէս հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն), այլեւ ընթերցասէր լայն հասարակութեան կողմէ։
“Վէմ” համահայկական հանդէսի նոյնանուն մատենաշարի երրորդ թիւը կազմող այս հատորին յառաջաբանը գրած է պատմագիտութեան դոկտոր, պրոֆեսոր Խաչատուր Ստեփանեան։ Հրատարակութիւնը իրականացած է ազնիւ մեկենասութեամբ ընկեր Նազարէթ Պարսումեանի (ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանի), իսկ տպագրութիւնը կատարուած է “Լուսակն” հրատարակչութեան մօտ, Երեւան, 1000 տպաքանակով։ Հատորին մէջ օգտագործուած պայծառ լուսանկարներուն համար յատուկ շնորհակալութիւն Սագօ Գասապեանին։
***
Նիկոլ Դումանի անտիպ նամակները անսպառ նիւթ կը տրամադրեն հայ ազատագրական պայքարը ուսումնասիրողներուն, մանաւանդ որ այս նամակներուն 90%-ը կը հրատարակուին առաջին անգամ, այս հատորով։ Արժէ նշել, որ Յաւելուածներու երկրորդ բաժինը՝ “Նախագիծ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան” երկասիրութիւնը, առանձին ներածականով մը ներկայացուած է Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ, որ բացայայտած եւ ճշգրտած է անոր՝ “Նախագիծ”ի հրատարակութեան իսկական թուականը…
***
Անմխիթար վիճակի մէջ (բայց ոչ անյոյս) յայտնուած մեր վիրաւոր հայրենիքին համար պայծառ յոյս մըն է այս հատորը…
Կը մնայ առողջութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթել մեր բոլորիս սիրելի Պարոն Երուանդ Փամպուքեանին, որուն հետ աշխատիլը (արդէն 15 տարի) միայն ու միայն պատիւ է եւ հպարտութիւն։