ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Յունիս 4ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի մէջ ցոյցի մասնակիցներուն հետ հանդիպեցան Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուցին ստեղծուած իրավիճակին առիթով կայացած խորհրդարանի արտահերթ նիստին ընթացքին քննարկուած հարցերուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ նախագահին կողմէ հրաւիրուած կառավարութեան ընդլայնուած նիստի արդիւնքները:
Պետական նախարարը նախ հան-դիպեցաւ նախաձեռնող խումբին հետ եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ներկայացուեցան փողոցը հաւաքուած ցուցարարներուն: Յարութիւնեան ողջունեց ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որ բարձրաձայնեցին հանրային հրատապութիւն հանդիսացող խն-դիրներ:
«Դուք նոր էջ բացած էք Արցախի պատմութեան մէջ: Առաջին անգամ անկախ Արցախի մէջ սկսած է շարժում մը, որ ծագած է ինքնաբուխ՝ ունենալով յստակ օրակարգ: Այսօր կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան ձեր կողմէ բարձրացուած պահանջները, Հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուեցան համապատասխան յանձ-նարարականներ եւ կատարուեցան դիտողութիւններ: Քննարկուեցաւ ոչ միայն ուժային, այլեւ պետական կառավարման ողջ համակարգին մէջ պաշտօնէութեան եւ կառուցուածքային փոփոխութիւնները ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ իրագործելու խնդիրը: Պիտի ստեղծուի հանրային խորհուրդ, ուր պիտի ընդգրկուին նաեւ ցոյցին նախաձեռնած խումբ մը անդամներ, որոնք հանրային վերահսկողութիւն պիտի իրականացնեն նախատեսուող բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար», յայնտեց Յարութիւնեան:
Ան ցուցարարներուն ներկայացուց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչը, որ ցուցարարները կը յորդորէր առիթ տալ Արցախի իշխանութիւններուն՝ իրագործելու համար խոստացուած բարեփոխումները:
Նախաձեռնող խումբի անդամները ընդառաջեցին պետական նախարարին կոչին եւ խոստացան դադրեցնել բողոքի ցոյցը:
Շարժման առաջնորդ Դաւիթ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ աւելցուց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արցախի իշխանութիւններուն՝ ի դէմս նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, մեզի ընդառաջելու եւ մեր պահանջներուն արձագանգելու համար, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչը՝ կապուած Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ասիկա Արցախի ժողովուրդին յաղթանակն է»։ Ապա ցոյցի մասնակիցներուն տուն վերադառնալու կոչ ընելով՝ ան խոստացաւ հետեւիլ հանրութեան կողմէ բարձրացուած հարցերուն լուծում տալու գործընթացին:
Նշենք, որ Փաշինեան Յունիս 4ին շեշտած էր, թէ Արցախի ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն «պահուածքը մտահոգիչ է»՝ աւելցնելով, որ «իրավիճակը պէտք է յստակ լուծումներ ստանայ եւ շատ յստակ հետեւութիւններ բերէ». ան վստահեցուցած էր, որ ուշի ուշով կը հետեւի Արցախի իրադարձութիւններուն եւ կապի մէջ եղած է Բակօ Սահակեանի հետ: «Ըստ էութեան՝ ցոյցը իր նպատակին հասած է, եւ այժմ գնդակը Արցախի իշխանութիւններուն դաշտն է», եզրակացուցած էր Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Ճիշդ կ՛ըլլայ, որ յարգելի ցուցարարները գնդակը ձգեն Արցախի իշխանութիւններուն դաշտը։ Կարեւոր է, որ իրավիճակը հանգուցալուծուի համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ»: