ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Շարք մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ կայացող խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հետ:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը երկար տարիներէ ի վեր շատ շօշափելի դերակատարութիւն ունի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ, ուր կը շարունակէ մնալ ազդեցիկ։ Ըստ անոր՝ պէտք է քննարկեն ձեւերը, որպէսզի արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը, որուն մէջ նաեւ ԲՀԿն եւ կառավարութիւնը փոխադարձաբար աւելի լսելի ըլլան իրարու։
Գագիկ Ծառուկեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ ամէն բան խորհրդարանի աթոռներով պայմանաւորուած չէ։ «Մենք ժողովրդի կողքին ենք, քննարկել ենք, մասնակցել ենք, տեղեակ ենք պահել մեր տեսակէտը, մեր մօտեցումը, թէ ինչպէս կարելի է այս վիճակից դուրս գալ: Անկախ ամէն ինչից, մենք խորհրդարանում ենք, թէ ոչ` դա չի նշանակում, որ մենք մեր ժողովրդի կողքին չենք: Ցանկացած բան, ինչ օգուտ կը բերի, մեր հնարաւորութիւնների սահմաններում միշտ էլ արել ենք, անում ենք, անելու ենք», յայտնեց գործող խորհրդարանի մեծութեամբ երկրորդ խմբակցութեան ղեկավարը:
Փաշինեան քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ ընդունեց նաեւ «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեանը եւ «Միասնական հայրենիք»ի առաջնորդ Մհեր Տէրտէրեանը: