ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեցին Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպումին սկիզբը վարչապետը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը՝ նախագահական ընտրութիւններուն անոր յաղթանակին առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն։ Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ աշխոյժ համագործակցութիւնը։
Արայիկ Յարութիւնեան վարչապետին ներկայացուց յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրները եւ գործողութիւնները։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ Դաւիթ Տօնոյեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Դաւիթ Տօնոյեան շնորհաւորեց Արայիկ Յարութիւնեանը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։ Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը, Արցախի պաշտպանութեան բանակին հետ պիտի շարունակեն անսասան կերպով ապահովել եւ ամրապնդել հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ խաղաղ զարգացումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ու պաշտպանունակութեան ամրապնդման վերաբերող շարք մը ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: