«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ծրագիրը էական փոփոխութիւններու կարիքը ունի, նկատի ունենալով, որ նախապէս ամրագրուած ծրագրային դրոյթներուն 70 տոկոսը իրականութիւն դարձած է, յայտարարեց վարչապետ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, «Իմ Քայլը» դաշինքի նախընտրական ցանկը գլխաւորած Նիկոլ Փաշինեան՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան չորրորդ (աշխատանքային) համաժողովի բացման ընթացքին:
«Կուսակցութեան ծրագրի հետ, որը մենք ընդունել ենք 2013թ., տեղի է ունեցել մեր իրականութեան համար բացառիկ մի բան. կուսակցութեան ծրագիրն էական փոփոխութիւնների կարիք ունի ոչ թէ այն պատճառով, որ այդ ասելիքն այլեւս անիմաստ է դարձել, այլ այն պատճառով, որ ասելիքի 70 տոկոսը դարձել է իրականութիւն», ընդգծեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը պէտք է մտածէ յաջորդ քայլին մասին:
Ան շեշտեց, որ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ կան առանցքային յենասիւներ, որոնք անփոփոխ են եւ տեղ գտած են նաեւ «Իմ Քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագիրին եւ կառավարութեան ծրագիրին մէջ։ ««Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամ պիտի ընդունի, որ անհատի վերափոխումը հանրային վերափոխման կարեւորագոյն միջոց է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Ամենակարեւոր գործն օգնելն է շարքային քաղաքացիին, որ հաւատայ իր ընելիքին։ Մենք պէտք է լինենք վճռական, որովհետեւ պէտք է գործ ունենանք այն քաղաքացու հետ, որն ինքն իրեն չի հաւատում, մենք այդ քաղաքացու աչքերի մէջ պէտք է նայենք, այդ քաղաքացուն պէտք է սիրենք եւ սիրելով ստիպենք, որ ինքն իրեն հաւատայ, իր ուժին հաւատայ»:
Ան արձանագրեց, որ Հայաստանի 2018ի քաղաքական յեղափոխութիւնը կատարուած է այդ մեթոտով, եւ շեշտեց, որ նոյն մեթոտով պիտի կատարեն տնտեսական յեղափոխութիւնը: «Մենք այս յեղափոխութիւնն արեցինք, որովհետեւ 500 հազար մարդ, 1 միլիոն մարդ իրեն համարեց յեղափոխութեան առաջնորդ», շեշտեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքական յեղափոխութեան ճակատագիրը որոշեց քաղաքացին, եւ տնտեսական յեղափոխութեան ճակատագիրը դարձեալ պէտք է որոշէ քաղաքացին:
Դիմելով համաժողովին մասնակցողներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ իրենցմէ շատերը արդէն պետական պաշտօնեայ են, եւ համաժողովի մասնակցողներէն իւրաքանչիւրին առաքելութիւնը Հայաստանի քաղաքացիները չհիասթափեցնելն է։