ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյէն բացատրութիւն պահանջած է ՀԱՊԿի փակ նիստի մանրամասնութիւնները Պելոռուսի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ քննարկելուն վերաբերեալ: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Փաշինեան, մերժելով յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ՝ յայտնեց. «Եթէ ես նրան մեղադրում եմ փակ նիստի բովանդակութիւնը բացայայտելու մէջ, կարծում եմ, որ ճիշդ չի լինի, որ ես ինքս էլ դա անեմ»:
Անդրադառնալով հարցին, թէ ինք բաւարարուա՞ծ է Լուքաշենքոյի պատասխանով՝ Փաշինեան ըսաւ. «Խօսակցութիւնը ինձ բաւարարեց»: