ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վճռաբեկ դատարանը բեկանեց 1 Մարտի գործով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, նախկին ընդդիմադիր գործիչ, այժմ Երկրապահի ղեկավար Սասուն Միքայէլեանի եւ 2008ի մարտեան հաւաքներուն աշխոյժ կերպով մասնակցած, այժմ սքանտինաւեան 5 երկիրներու մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանի դատավճիռները․ անոնք արդարացուեցան:
Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Յունուարին ճանչցած էր 2008ի ընտրութիւններէն ետք Փաշինեանի իրաւունքներու խախտումը` նշելով, որ 2008ի յետ-ընտրական արիւնալի իրադարձութիւններուն ընթացքին, Հայաստանի կառավարութիւնը խախտեց այն ժամանակ ընդդիմադիր գործիչ Նիկոլ Փաշինեանի` ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքները:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը Փետրուարին վճռաբեկ բողոք ներկայացուցա՛ էր դատարան` պահանջելով բեկանել Փաշինեանի` 1 Մարտի գործով դատավճիռը եւ արդարացնել զայն:
Սեպտեմբեր 2021ին Եւրոպական դատարանը եզրակացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է Սասուն Միքայէլեանի հաւաքներու մասնակցելու ազատութիւնը: Հրապարակած իր վճիռով, Եւրոպական դատարանը Հայաստանի կառավարութեան կը պարտադրէ իրաւունքներու խախտման համար Միքայէլեանին փոխհատուցել շուրջ 13 հազար եուրօ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Արզումանեանին, որուն վճարուելիք հատուցումը շուրջ 12 հազար եուրօ ճշդուած էր:
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան դրամական փոխհատուցման պահանջ չէր ներկայացուցած: