ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը հաղորդեց, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբերի երեկոյեան ստորագրեց Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 568 բանաձեւը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով Ապրիլ 24-ին Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճը փակ պահելու ծախսերը:
Յիշեցնենք, որ բանաձեւին վաւերացման քուէին նպաստած էին յատկապէս Կլենտէյլի քոլեճի տնօրէն Տէյվիտ Վիարի եւ այլ պաշտօնատարներու տուած վկայութիւնները եւ անոնց արտայայտած զօրակցութիւնը:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ նախկին օրէնքով, նահանգի իշխանութիւնները չէին վճարեր այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, երբ քոլեճը փակ մնար: Վնասը կը գնահատուի մօտաւորապէս 500.000 տոլարով:
Դրուատելով նահանգապետին որոշումը, Փորթանթինօ կը յայտնէ, թէ հաստատութիւնը պէտք չէր նիւթական վնաս կրէր Ապրիլ 24-ին քոլեճը փակելու որոշումին համար, որուն նպատակն է յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, բան մը, որ յոյժ կարեւոր է համայնքին ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար:
Տնօրէն Տէյվիտ Վիար եւ քոլեճի հոգաբարձական կազմի ատենապետ դոկտ. Վահէ Փիրումեան նոյնպէս ողջունեցին այս քայլը։