ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքի յայտնի Metropolitan թանգարանին մէջ սեպտեմբերէն կը բացուի «Հայաստան» խորագիրը կրող ցուցադրութիւն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը` վկայակոչելով BlouinArtInfo.com-ը, ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացնէ հայկական ազգային ինքնութեան ձեւաւորման պատմութիւնը` սկսած 4-րդ դարասկզբին քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունելէ մինչեւ Հայաստանի պատմական դերակատարութիւնը 17-րդ դարու միջազգային առեւտրային գործընթացներուն մէջ:
Ցուցադրութիւնը պիտի պատմէ նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս հայերը պահպանած են ու վերափոխած իրենց աւանդոյթները` ճանապարհորդելով աշխարհի տարբեր անկիւններ:
Նիւեորքեան յայտնի թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին աւելի քան 140 ոսկեզօծ մասունքներ, նկարազարդուած ձեռագիրներ, խաչքարեր, եկեղեցւոյ մանրակերտեր, տպագիր գիրքեր եւ հազուագիւտ այլ ցուցանմուշներ:
«Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է այնպիսի յայտնի արուեստագէտներու աշխատանքներուն, ինչպիսիք են Թորոս Ռոսլին, Սարգիս Պիծակը, Թորոս Տարոնացին, Յակոբ Ջուղայեցին, որոնք աշխատած են ինչպէս մայր Հայաստանի, այնպէս ալ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան եւ Նոր Ջուղայի մէջ»,- կ՛ըսուի Metropolitan թանգարանի յայտարարութեան մէջ:
Ցուցանմուշներուն զգալի մասն առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ատոնք մեծամասամբ տրամադրած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, իսկ որոշ ցուցանմուշներ վերցուած են Metropolitan-էն ու ամերիկեան եւ եւրոպական հիմնարկներէ:
Սեպտեմբեր 22-ին բացուող «Հայաստան» ցուցադրութիւնը Նիւ Եորքի թանգարանին մէջ պիտի գործէ մինչեւ 2019 թուականի յունուար 13: