ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ էինք: Դեկտեմբերի սկիզբը ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի երիտասարդներուն հետ օրացոյց ծախելու կամ բաժնելու «պարտականութիւնը» կը ստանձնէինք:
Հինգ-հինգ խումբերու բաժնուած` շէնք-շէնք կը բարձրանայինք եւ կը սկսէինք դուռերը զարնել ու առաջարկել, որ տարուան օրացոյցը գնեն:
Ոմանք սիրայօժար, ուրիշներ մերժելով, ոմանք դուռը չբանալով, ուրիշ մը քանի մը հատ առնելով` ամերիկաները ղրկելու նպատակով եւ, այսպէս, մեզի համար այդ շաբաթները մրցոյթային կ՛ըլլային, թէ ո՛ր մասնաճիւղը աւելի շատ օրացոյց պիտի սպառէր: Մերժողներուն անունները կ՛ուզէին մեզմէ, մենք ալ կու տայինք` կարծելով, թէ համապատասխան պատիժ մը պիտի ստանան «օր մը»:
Մեզմէ անկախ, կային ՀՄԸՄ-ը, ԼՕԽ-ը, կաթողիկոսարանը, հայրենակցական միութիւնները…
Անցան տարիներ: Քառասուն տարիներ առաջ իւրաքանչիւր Նոր տարուան աւանդութիւնն է, որ կը պատմեմ:
Այսօր տակաւին, հակառակ բջիջային հեռաձայններու կատարելագործման, հակառակ ընկերային ցանցերու տարածման, ինքնաշարժի, փողոցներու, սրահներու եւ այլ տեղերու մէջ ժամի, օրի, վայրկեանի յիշեցման միջոցներու մատչելիութեան, մենք տակաւին կրկնակոխ ձեւով կը շարունակենք պատի օրացոյցները տպել եւ տարածել:
Մէկ կողմէ կայ մտայնութիւն, որ այս բոլորը ժամանակավրէպ է եւ անհրաժեշտ է դադրեցնել: Միւս կողմէ կայ աւանդութեան կառչած մնալու մօտեցումը: Կը թուի, որ առաջին մօտեցումը հետզհետէ տարածում կը գտնէ: Աւանդութիւն պահելով որդեգրենք նոր ձեւերը: