Յ. Պալեան
Վաստակաշատ մտաւորական էր Ժիրայր Դանիէլեան: Իր մասին շատեր պիտի խօսին եւ գրեն: Պիտի յիշեն կրթական մշակը, բանասէրը, միութենական եւ ազգային անխոնջ անփառասէր նուիրեալը:
Թող ինծի ներուի, այս պահուն, եսասիրութեամբ ըսել, որ հարազատութեամբ յատկանշուող խօսակից մը կորսնցուցինք, մարդ՝ որուն հետ զրուցել հաճոյք էր, հարստացում, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամենագիտութեան ալիքը կը մթագնէ միտքերը, երկխօսութեամբ, իրաւով եւ ճշմարիտով միասին ըլլալու եւ գործելու ճանապարհները խցելով:
Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), եսի ծառայող գործնապաշտներ, ազգայինը իր էութենէն դատարկած են: Հիմնականով եւ հիմնականի շուրջ երկխօսութիւն եւ գործակցութիւն փոխարինուած են մեծ կարծուած մանր շահակցութիւններով:
Ժիրայր Դանիէլեանի մահը կը տխրեցնէ զիս: Կը շեշտէ դատարկութիւնը:
Ժիրայր Դանիէլեան Լիբանանի եւ Սփիւռքի հայկական մշակութային եւ կրթական կեանքի անխոնջ սպասարկուն էր Եւ անկէ անդին:
Պիտի խօսիմ «անկէ անդին»ի մասին, քանի որ Ժիրայր Դանիէլեան ընդհանուր ըմբռնում ունեցող հայ մտաւորական էր: Մանաւանդ հայ գիրի եւ գիրքի պահակ: Մատենագէտ էր:
Ինչպէս երբեմն եւ այլ առիթներով ալ կ’ըսենք, ի՞նք ալ պիտի դասուի անհետացող վերջին մոհիկաններու շարքին:
Ժիրայր Դանիէլեան ունէր այլ առաքինութիւն մը: Հայ լեզուի, մշակոյթի եւ գիրքի պահակի պարտականութեան կողքին, ամէն օր քիչ մը աւելի անտեսուող Արեւմտահայերէնը կ’ապրեցնէր իր խօսքով, ուսուցումով եւ գիրով: Այս ճիգը մատենագիտականէ աւելի չպոռացող ազգային-քաղաքական կեցուածք էր: Առանց արեւին տակ փառք եւ տեղ փնտռելու, Հայ Դատի, Հայու Ինքնութեան եւ Իրաւունքի անսեթեւեթ տիրութիւն: Արդարեւ, հայրենահանուածներու սփիւռքի գոյատեւման առանցքն է ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆը, որ եթէ չխօսուի եւ չգրուի, (սփիւռք(ներ)ը, որպէս շարունակութիւնը արեւմտահայ ժողովուրդի, կը դատապարտուի անհետացման, անհայրենիքի տխրութեան վրայ գումարելով անլեզու ըլլալու վիճակը, որ առկայ է այսօր, «սովետահայերէն»ի, օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան ներխուժումով, որ արեւմտահայերէնի զեղծան եւ հուսկ անհետատացման կը տանի:
Մակերեսայնութիւններու հանդէս կայ ամենուրեք:
Ժիրայր Դանիէլեան իր գիտական աշխատանքները չկատարեց օտար լեզուներով, կատարեց արեւմտահայերէնով, սովետահայերէն չկապկեց: Վկայեց, որ Արեւմտահայերէնը գիտական եւ գրական լեզու է, ինչ որ հայրենահանուած արեւմտահայութեան ինքնուրոյնութեան եւ քաղաքական ըմբռնումին նպաստ է, փաստելով՝ որ լեզու եւ մշակոյթ, գոյապահպանման տեսանկիւնէ ազգային եւ քաղաքական առանցքային նշանակութիւն ունին: Ժիրայր Դանիէլեանի այս աշխատանքը հայերէն ուսուցանողներու համար առաջնորդող դրամագլուխ պէտք է ըլլայ, եւ իմաստ տայ սերունդ պատրաստելու մանկավարժական ճիգերուն, հայ գիրքի եւ մատեանի տիրութեան գիտակցութիւն զարգացնելու համար նորահաս սերունդի ըմբռնումներուն մէջ, որպէսզի հայ դպրոցի սոսկ նիւթական շէնքը, ըլլայ նպատակային, եւ հայերէնի ուսուցումը իմաստաւորուի:
Չեմ յոգնիր կրկնելով Շաւարշ Միսաքեանը, որ անբովանդակ հայերէնի համար ըսած էր «հաց պանիրի հայերէն»: Ուսուցիչ եւ բանասէր Ժիրայր Դանիէլեանի ԳՈՐԾԸ դիմադրութիւն է՝ հայերէնի խնայելու «հաց պանիրի հայերէն» ըլլալու պարտութիւնը, որ այսօր, եթէ իրատես ըլլանք, աճող եւ տարտղնուող, բախտաւոր պարագային կարգախօսներ կրկնող բազմաբնոյթ սփիւռք(ներ)ի անլոյս պատկերն է:
Առատաբան քաղաքական համարուած, մանաւաւնդ օտարաբարբառ խօսքերը եթէ փակագիծի մէջ դնենք եւ երբեմն լսենք հայախօս, հայագիր եւ հայկական լեզուամտածողութիւն ունեցող ՀԱՅ մտաւորականը, եթէ բաց միտք ենք, ախտորոշում կ’ընենք:
Հայաստանի վաստակաշատ եւ բազմաբեղուն մտաւորական Դաւիթ Գասպարեան, ԱՌԱՒՕՏ թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ ահազանգային հաստատումներ ըրած է՝ Հանրապետութեան իմացական-մշակութային կեանքին մասին: Կը պատահի՞ որ երբեմն նոյն յանդգնութեամբ ահազանգողներ ըլլան գերաճող, տարտղնուող եւ արմատներէ հեռացող սփիւռք(ներ)ի մասին, որ ազգային լեզուամտածողութեան տեսակէտէ ուղեղախռնումի մէջ է, քանի որ ազգի եւ հայրենիքի ըմբռնումի մտածման բջիջները, ինչպէս պիտի ըսէինք համակարգչային բարբառով՝ լոժիսիէլը(logiciel) խանգարուած է կամ՝ բացակայ: Հայ ժողովուրդի լինելութեան հարցերը,- մշակոյթ, գոյապահպանում, իրաւունք, հայրենիք, գիր, լեզու, կը դիտենք եւ կ’ըմբռնենք ազգի դուրսէն, կը մտածենք օտարի լոժիսիէլով մարդու պէս, օտարի լեզուամտածողութեամբ: Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ խորթացած ենք ազգային լեզուամտածողութեան, որ կուտակուած հարազատն է, որմէ հեռացած ենք, ներսը եւ դուրսը, տարբեր պատճառներով, եւ կամայ-ակամայ կ’ընթանանք ապազգայնացման ուղիներու վրայ:
Դաւիթ Գասպարեան ցաւ ունի: Կ’ըսէ. «Մտաւորական մարդու հետ խօսելու պահանջ ես զգում»: Մարդը, որուն մասին կը մտածէ, նոյն լոժիսիէլը ունեցող հայ մարդն է, ազգային-մշակութային մտածողութեամբ մարդը: Արդարեւ, ազգովին հոգեընկճուածութեան մէջ (trauma) ենք: Իրարու հետ չենք խօսիր գաղափարներ արտայայտելու համար, այլ՝ լսուածներ եւ կարգախօսներ կրկնելու, կրկնութիւնները գիւտ եւ մեկնաբանութիւն համարելով: Լրագրական աղմուկը փոխարինած է միտք եւ քննարկում, կողմնապաշտութիւններու ենթահողի վրայ: Գումարելով՝ մոլորակի այն աշխարհները, ուր կը կարծենք որ հայեր կան:
Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, ուսումնական, արուեստներու, կը լսե՞ն, լսա՞ծ են Դաւիթ Գասպարեանի ախտորոշումը: Մանաւանդ կարգախօսներով եւ օտար լեզուներով շնչող այլազան ինքնագոհ եւ ինքնաբաւ սփիւռք(ներ)ը, Դաւիթ Գասպարեանի ո՛չ ըսածը եւ ո՛չ ալ գրածը կը լսեն եւ կը կարդան: Տեղայնական փառասիրութիւններով՝ գիտեն ամէն բան:
Ի՞նչ կ’ըսէ Դաւիթ Գասպարեան:
«Ակնյայտ է, որ մենք ապրում ենք մտաւոր անապատում, այն գրական-մշակութային եռուն կեանքը, որ կար Հայաստանում, վերջին տարիներին չկայ: Հեռուստահաղորդումները, որ ընտանիքներում, հանրութեան մէջ մարդկանց միաւորող կարեւոր տեղեկատու են, խայտառակ, ամօթալի ցածր մակարդակի են հասել, այդ ինչ սխալաշատ հայերէն է, այդ ինչ ամօթալի հաղորդումներ են»…:
Սփիւռռքի պարագային կրնանք սխալաշատ հայերէնի վրայ աւելցնել բացակայ հայերէն:
Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, ուսումնական, արուեստներու, կը լսե՞ն, լսա՞ծ են Դաւիթ Գասպարեանի ախտորոշումը: Մանաւանդ կարգախօսներով եւ օտար լեզուներով շնչող այլազան ինքնագոհ եւ ինքնաբաւ սփիւռք(ներ)ը, Դաւիթ Գասպարեանի ո՛չ ըսածը եւ ո՛չ գրածը կը լսէ եւ ոչ ալ կը կարդայ: Ամէն բան գիտէ:
Դաւիթ Գասպարեան ցաւ ունի: Կ’ըսէ. «Մտաւորական մարդու հետ խօսելու պահանջ ես զգում»: Մարդը, որուն մասին կը մտածէ, նոյն լոժիսիէլը ունեցող մարդու մասին, ազգային-մշակութային նոյն մտածողութեամբ մարդու: Արդարեւ, ազգովին հոգեընկճուածութեան մէջ (trauma) ենք: Իրարու հետ չենք խօսիր գաղափարներ արտայայտելու համար, այլ լսուածներ եւ կարգախօսներ կրկնելու, կրկնութիւնները մեկնաբանութիւն համարելով: Լրագրական աղմուկը փոխարինած է միտք եւ քննարկում, կողմնապաշտութիւններու ենթահողի վրայ:
Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, ուսումնական, արուեստներու, կը լսե՞ն, լսա՞ծ են Դաւիթ Գասպարեանի ախտորոշումը:
Ժիրայր Դանիէլեան խօսակից էր: Երկխօսութեամբ գաղափարներ արթնցնող եւ տեսիլք ունեցող սուր միտք: Ազգի հարազատութեան եւ մէկութեան ասպետ մը, որ հաղորդագրութիւններով եւ յայտարարութիւններով չէր փքուեր: Օրինակելի նուիրեալ մը՝ բոլոր անոնց համար որոնք կը հաւատան դաստիարակող օրինակի արժէքին: