Պուրճ Համուտի մէջ նորարար քաղաքաշինութեան ծրագիրի ուսումնասիրութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 հոկտեմբեր 2021-ին, Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան պատուիրակութիւնը` ԱՒԻԹԵՄ, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն:
Ծրագիրը ֆինանսաւորուած է հարաւային Ֆրանսայի տեղական վարչակազմի, Ֆրանսայի զարգացման գործակալութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիպումին կը մասնակցէին` Ֆրանսայի հարաւային նահանգի փոխնախագահ, միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Ժան Փիեռ Քոլըն, Նիսի փոխնախագահ եւ Միջերկրականեան քաղաքներու եւ շրջաններու ֆրանսական գործակալութեան` ԱՒԻԹԵՄ-ի տնօրէն Ակնես Ռամպալ, Ֆրանսայի հարաւային նահանգի տեղական ինքնակառավարման տնօրէն Էմիլիօ Փերեզ, ԱՒԻԹԵՄ կազմակերպութեան ռազմավարական հարցերու տնօրէն Մարի Պատուել, Եւրոպական Միութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Անն Մարի Ռինկոլտ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչները:
Ողջունելով ֆրանսական պատուիրակութիւնը` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան կազմի ներկայութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան զանազան ծրագիրներու ու նախաձեռնութեանց մէջ անոր աշխուժ մասնակցութեան համար: Ան պարզեց Պուրճ Համուտի դիմակալած բարգաւաճման մարտահրաւէրները` նշելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը կը հարկադրէ կեդրոնանալ հրատապ հարցերու լուծման վրայ` սկսելով շրջանի մաքրութեան քայլերէն, հասնելով մինչեւ քաղաքապետութեան հիմնական պարտականութիւններու իրագործման անհրաժեշտ եկամուտի ապահովումը: Պօղոսեան յայտնեց, որ տագնապի խորքն ու լրջութիւնը եւ լիբանանցի ժողովուրդին կրած ապրուստի թէ կենցաղային տառապանքը առաւել հրատապ ու անմիջական մարտահրաւէր կը կազմեն լուծման նախաձեռնութեանց գծով տարուող երկար աշխատանքին առումով: Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան ներկաներուն պարզեց Պուրճ Համուտի բարգաւաճման ու այս գծով տարուող ճիգերու շրջագիծի ընդարձակման անհրաժեշտ կարիքները:
Նմանապէս, ֆրանսական պատուիրակութեան անդամները պարզեցին Պուրճ Համուտի մէջ իրենց առաքելութեան բնոյթը: Իր կարգին, Ժան Փիեռ Քոլըն դրուատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ձեռնարկած քայլերը շրջանի բարեզարդման գծով մաղթելով սերտ եւ երկարատեւ գործակցութիւն: Քոլըն յայտնեց ֆրանսական վարչամեքենայի փափաքը` բարգաւաճման համատարած ու ամբողջական նախաձեռնութեանց հիմնաքարերու հաստատման գծով: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ նախապատրաստական կարգ մը արհեստագիտական-թեքնիք քայլեր: Ապա պատուիրակութիւնը հետազօտական շրջապտոյտ մը կատարեց Պուրճ Համուտի, յատկապէս` Մարաշ փողոցին մէջ, մօտէն տեղեկանալով ցարդ իրագործուած ծրագիրներուն: Նմանապէս, պատուիրակութիւնը քաղաքապետ Պօղոսեանին հետ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի յարակից` Ժտէյտէ շրջանի թափօններու թաղման վայրը, ուր քաղաքապետ Պօղոսեան պատուիրակութեան պարզեց աղբանոցի այժմու իրավիճակը: