Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Նորա Արիսեան սուրիական հարցով Սոչիի մէջ տեղի ունեցած ժողովը կարեւոր քայլ կը նկատէ: Ան ժողովին մասնակցած է իբրեւ Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ:
«Իմ կարծիքով` Սոչիի ժողովը շատ կարեւոր է, քանի որ տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակներ արձանագրուեցան: Սոչիի ժողովը փաստեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը կը սկսի ու կը շարունակուի սուրիական ղեկավարութեամբ` առանց դուրսի միջամտութիւններուն», ըստ «Արմէնփրես»-ին` ըսած է հայ երեսփոխանը:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ մաս կը կազմէ ժողովին լոյսին տակ ձեւաւորուած «Սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբ»-ին, որ բաղկացած է 150 անդամէ: «Ժողովին աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը ինքնին կը բացայայտէ, որ սուրիացիները մեծամասնութեամբ կառչած են ազգային սկզբունքներուն եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան», ըսած է Նորա Արիսեան: