Հերթական անգամ, տաղանդաւոր արուեստագէտն ու դերասանուհին, վիպագիրն ու մտաւորականը՝ Անահիտ Թօփչեան, ընթերցողին կը մատուցէ իր նոր վիպակը, «Տագնապ»ը, հրատարակուած Երեւանի մէջ, 2012-ին, «Գասպրինտ» ընկերութեան կողմէ:
Յափշտակութեամբ, մէկ շունչով կարդացուող գիրք մը՝ այս, որ եթէ մէկ-երկու բառով բնութագրելու ըլլանք, սիրոյ պանծացումն իսկ է, ցնծութիւնը եւ իրա՛ւ վայելքը անոր: Սէր՝ ուր հոգին ու մարմինը միաձոյլ, կնոջ եւ այր մարդու գերագոյն ներդաշնակութիւնը արարող ստեղծագործութիւն ըլլայ կարծէք…: Սէր, որ ինչպէս ինք կը գրէ իր վիպակին մէջ, «ձերբազատում է կեղծ ամօթխածութիւնից, սեթեւեթանքից, եւ այդժամ այնպիսի մի հզօր ոյժ, այնպիսի մի յոյզ է պոռթկում, որ ինքդ ես զարմանում, թէ որտեղից… այդ զգացմունքն անխառն է, անհաշուենկատ, դա բացարձակ զգացմունք է»:
Անբարդոյթ, անկաշկանդ եւ ամբողջանուէր սիրոյ այդ յորձանքը քեզ կ՛առնէ իր ոլորապտոյտին մէջ առաջին իսկ տողերէն եւ կը յամենայ ենթագիտակցութեանդ մէջ դեռ երկար ժամանակ…: Անահիտ Թօփչեան գիտէ ելեկտրականացնել սիրոյ այդ մթնոլորտը, բացայայտելով սիրոյ մտերմիկ պահերու գաղտնածածուկ ծալքերը, առանց գռեհկանալու, առանց կորսնցնելու սիրոյ խորհուրդի եւ խորհրդաւորութեան զգացումը…:
Զուգահեռաբար, սիրող կինն ու տղամարդը՝ Անահիտի ստեղծած կերպարներուն մէջ, հաւասարապէս ուժեղ անհատականութիւններ են…: Մեր գրականութեան մէջ, շատ հազուագիւտ, գրեթէ անգոյ է, այն պարագան, երբ կինը չի զիջիր իր դիրքերը, չի խեղճանար, գիտէ յաղթահարել իր անարդարացի հոգեվիճակը… եւ չի զգենուր զոհի կերպարանք՝ ողորմութեան միայն արժանի…: Անահիտ Թօփչեանի կնոջ կերպարը բուռն է, գեղեցիկ, որ աստուածուհի կարծէք կը դառնայ խենթացնող սիրոյ մէջ…: Ունի ան շատ սուր եւ զգայուն արժանապատուութիւն եւ իր սրտի բանականութեամբ կրնայ զգալ իր կողակիցին դոյզն դաւաճանութիւնն անգամ եւ՝ հակադարձել անոր…: Միաժամանակ, սրտի բանականութեան ան գիտէ զուգորդել իմաստնութիւնը եւ արժեւորել ճշմարիտ սէրը, գուրգուրալ անոր, զգօն ըլլալ անոր նկատմամբ եւ աշխատիլ որ այդ սէրը չխամրի ժամանակի ու հանգամանքներու բերումով:
Վիպակի թեման, շատ սեղմ գիծերով, հետեւեալն է. վէպի հերոսուհիին պատած է անանուն տագնապ մը…: Համատեղ կեանքի քսան եւ հինգ տարիներ ետք, իր կանացի բնազդով ան կը զգայ որ իր ամուսինը դաւաճանած է իրեն՝ ամուսնական կեանքի առաջին իսկ օրերուն: Այդ տագնապը կը դառնայ հետզհետէ խանդի տեսակ մը մտագարութիւն, որ հանգիստ չի տար իրեն…: Ի վերջոյ, ան կը յայտնաբերէ իրեղէն շօշափելի ապացոյցներ՝ ամուսնոյն նամակագրութեանց մէջ…: Կը փոթորկի իր ներաշխարհը, վրէժի անհուն ցանկութեամբ կը համակուի ան… չուշանար առիթը յագեցում տալու վրէժխնդրութեան այդ այրող տենդին: Իր ամուսնոյն երկրէն բացակայութեան օրերուն, գազինոյի մը մէջ, կը հանդիպի երիտասարդ տղու մը, որ կը նուագէր այնտեղ, եւ կը հմայուի անոր «արտիստիզմով», անոր երաժշտութեամբ…: Խելայեղ սիրոյ իր ծարաւին մէջ, կը զուգադիպին վրէժի ցանկութիւնն ու հրապուրանքը…եւ ահա, իր հերթին, ինք եւս կը դաւաճանէ ամուսնոյն: Սակայն իր դաւաճանութեան տառապանքը շուտով կը դառնայ մղձաւանջ եւ լուրջ փորձութեան առջեւ կը դնէ՝ զիրար մեծ ու անկեղծ սիրով սիրած զոյգը…:
Բարեբախտաբար, վիպակի աւարտին, կը յաղթէ առողջ բանականութիւնը…: յատկանշական են հեղինակի տողերը, ուր ան կը խօսի իր ամուսնոյն հոգեվիճակին եւ պահուածքին մասին, իր կնոջ դաւաճանութեան իրազեկ դառնալէն ետք. «Նա, անշուշտ, հասկանում էր, որ այս պատմութիւնը իւրատեսակ հետեւանքն էր քսանչորս տարի առաջ տեղի ունեցած իր սիրարկածի եւ ջանում էր ամէն կերպ ինձ հաճոյանալ: Ես էլ չէի կարող ինձ ներել, որ անփորձ աղջկայ պէս տրուեցի պատահական հրապոյրներին, եւ հիմա դժուարանում եմ ասել՝ արկածին նախորդա՞ծ ապրումներն էին աւելի ծանր, թէ յաջորդած: Եւ եթէ այժմ կանայք ինձնից խորհուրդ հարցնեն, ապա կ՛ասեմ. մի շտապէք վրէժխնդիր լինել, քանի որ յետոյ աւելի էք տառապելու, մանաւանդ եթէ զգայուն հոգի ունէք»:
Իր տուած հարցազրոյցին մէջ, Անահիտ Թօփչեան իր վէպը կը բնութագրէ որպէս հոգեբանական վէպ՝ կին-տղամարդ յարաբերութիւններու մասին, սիրոյ, դաւաճանութեան մասին…: «Ես պարզապէս ձգտել եմ խորանալ կնոջ ներաշխարհի մէջ, արդիական, գեղեցիկ եւ հոգեւոր լուրջ պահանջներ ունեցող մի կնոջ, ով սիրուած է ու սիրում է նաեւ մարմնական առողջ սիրով…»:
Ճիշդ է, որ ընթերցողները կրնան տարբեր ընկալումներ ունենալ, տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ այս գիրքին: Նոյնը չէ՞ր պատահած Դանիէլ Վարուժանի «Օ Տալիթա» բանաստեղծութեան մասին, կամ Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպին մասին…:
Խոնարհաբար, ես զայն պիտի արժեւորէի որպէս սիրոյ փառաբանումի վէպ, որ անթաքոյց կը բանայ զիրար սիրող կնոջ եւ այր մարդու սիրոյ մտերմութեան գաղտնարանները, կը բացայայտէ սիրոյ վայելքի պահերու ցնծութիւնն ու արբեցումը, առանց սակայն անցնելու սահմանագիծը, առանց գռեհկանալու…:
Անահիտ Թօփչեան՝ իր այս վէպին, ինչպէս եւ այլ վէպերուն ու պատմուածքներուն մէջ, կը ցուցաբերէ կեանքի խոր իմացութիւն, խորաթափանց ու խորազնին հոգեբանական հայեացք, յանդգնութիւն ընթանալու հայ գրական արձակի դեռեւս անկոխ ուղիներէ… եւ անշուշտ գեղարուեստական բարձր ճաշակ: Ան արուեստագէտ է իր համակ էութէամբ… այդ բառին ամբողջական եւ խորագոյն իմաստով:
Սրտագին եւ ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք զինք, իր այս գիրքի լոյս ընծայման առիթով, իրեն մաղթելով քաջառողջութիւն, անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական նորանոր բռնկումներ:
ՎԱՐՁՔԴ ԿԱՏԱՐ ԵՒ ԳՐԻՉԴ ԴԱԼԱՐ, սիրելի Անահիտ:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ