Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նոր Դափնեպսաակ մը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի « Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին

May 30, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Նոր  Դափնեպսաակ  մը ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի « Վահրամ Փափազեան»  թատերախումբին

Չորս  տարուան  ակամայ  ընդմիջումէ  ետք, Ուրբաթ 26, Շաբաթ 27 եւ Կիրակի՝  28  Մայիս   2023-ին,  Յակոբ  Տէր  Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ,  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան»  թատերախումբը   լիբանանահայ  հանդիսատեսին  ներկայացուց արուեստի  բարձրորակ  կատակերգութիւն  մը՝ «Կասկածը  Կնոջ  Մտքին Մէջ»:

Ներկայացումին  մասին խօսելէ առաջ, կ՛արժէ  ամփոփ  տողերու մէջ   ընթերցողին  ծանօթացնել  անոր   հեղինակը,  ֆրանսացի՝  Ժորժ Ֆէյտօն:  Ֆէյտօ կը  մնայ    կեանքի իրականութիւնները,  գրաւիչ  խարդաւանքները  հարազատօրէն   մեկնաբանող   մեծագոյն հեղինակներէն մէկը: Անոր  զաւեշտը   բեմականացնելը   կը պահանջէ  մեծ  հմտութիւն:

Նոր ուժերով   համալրուած  «Վահրամ  Փափազեան»  թատերախումբը,  Երեւանի  Գեղարուեստա-թատերական   Ինստիտուտէն վկայեալ բեմադրիչ  Վաչէ  Տօներեանի  գլխաւորութեամբ,  ցոյց տուաւ,  որ ատակ  է  ներկայացնելու   որակաւոր  գործեր: Շնորհալի բեմադրիչ Վաչէ   Տօներեան փնտռուած եւ ծանօթ  անուն մը դարձած է լիբանանահայ թատրոնի օրագրութեան մէջ: Տարբեր թատերախումբերու հետ անոր գործակցութեան,  բեմադրութիւններուն ցանկը  փորձառութեան հարուստ աւանդ մը փոխանցած է  երիտասարդ բեմադրիչին:

Ընդամէնը չորս  ամսուան  ընթացքին  պատրաստուած այս   ներկայացումը իր որակեալ բեմադրութեամբ  եւ փայլուն խաղարկութեամբ արժանացաւ հանդիսականներուն    ամենաբարձր  գնահատանքին:

Նշենք, թէ  սոյն  բեմադրութիւնը «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնադրութենէն ի վեր՝  1959, անոր  58-րդն է: Անցնող  վաթսուն եւ չորս տարիներուն ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի « Վահրամ  Փափազեան» թատերախումբը   մնայուն    ներկայութիւն  եղած է   Լիբանանի  բեմերուն վրայ, իր  որակաւոր  ներկայացումներով: Հանդիսատեսը միշտ  հիացած է   թատերախումբին  ներկայացումներուն,  քաջ  գիտնալով որ անոր  դերասանական կազմին  մեծամասնութիւնը   եղած են  ոչ արհեստավարժ  կամաւորներ:

Ներկայացման  «Կալա»ն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս  2023-ի  երեկոյեան:  Հոծ  բազմութիւն մը գրաւած էր սրահին բոլոր աթոռները: Թատերախումբին վարչութեան ատենապետուհի Մարօ  Թէլվիզեան,  բարի գալուստի  իր խօսքին մէջ  ուրախութիւն  յայտնեց, որ չորսամեայ ակամայ  դադարէ  մը ետք,  թատերախումբը  երիտասարդ  եւ խոստմնալից  ուժերով կը  բարձրանար բեմ: Ան խոստացաւ  վառ պահել   վարչութեան  երկարամեայ  ատենապետ   Տրդատ  Աւետիքեանի  եւ երբեմնի  բեմադրիչ  Երուանդ  Ղազանչեանի յիշատակը:  Իր խօսքի աւարտին,  Մարօ Թէլվիզեան  շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մասնաճիւղերուն եւ բոլոր   հաստատութիւններուն, կառոյցներուն որոնք  ոչ մէկ ճիգ  խնայեցին  ելոյթներուն  յաջողութեան:

Հանդիսատեսը, ներկայացումին առաջին իսկ  վայրկեանէն  մինչեւ աւարտը կուշտ ու կուռ  խնդաց Ֆէյտոյի կերպարներուն ստեղծած կացութիւններով: Արագ զարգացումներով, հիւմրով  եւ  բառախաղերով  հարուստ արտայայտութիւնները  մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ: Բեմին վրայ  համակրելի  եւ առոյգ  սիրահարներ ազատ կ՛երթեւեկէին խղճալի ամուսիններու աչքին առջեւ: Սակայն պէտք է   ըսել, որ  ակնարկները, ապրումները եւ շարժումները զուսպ էին:

Գեղեցիկ   բեմայարդարումով  պատրաստուած   բեմին վրայ, զատամտութեան անուան տակ, մարդկային  թուլութեան եւ նկարագիրի  բացայայտում՝  այր ու կին  ընտանեկան վէճեր, անվստահութեան մթնոլորտ,  դաւաճանութիւն հարազատօրէն  մատուցուեցան   դերասաններէն եւ  բեմադրիչէն:

Այստեղ կը կայանայ  նաեւ շնորհալի  բեմադրիչ Վաչէ Տօներեանի  ճարտարութիւնը, ուր  ծիծաղով կը  բացայայտէ մարդկային  ընկերութեան բնազդային  կողմերը:

Տասն  եւ չորս դերասան-դերասանուհիներ, մեծամասնութեամբ՝  երիտասարդ, շնորհալի դերակատարութեամբ յաջողեցան   ներկայացնել իրենց  կերպարները: Ներկայացումին  յաջողութիւնը շատ  բան կը պարտի  անոնց փայլուն խաղարկութեան: Իւրաքանչիւրը  հարազատօրէն իւրացուցած էր իր կերպարը: Մի մոռնաք, որ բեմին վրայ  դերակատարները  սիրողական մակարդակով  կամաւորներ են…:

Դերակատարները, բոլորը  երիտասարդ եւ խոստմնալից ուժեր:  Փորձառու  Յարութ Թորոսեանի, Եղիկ Աւետիքեանի,  Յովակիմ Քէշիշեանի կողքին, նոյնքան ջերմ տպաւորութիւն ստեղծեցին  Հուրի Պապահէքեանը, Ճորճ  Շեքերճեանը, Արմէն Մաճառեանը, Թալին  Չաքմաքճեանը, Լուսինէ Տաքէսեանը, Փօլ- Պօղոս  Թամուկեանը, Վիգէն  Քէօշկերեանը, Լոռի Հովիւեանը, Սթեֆանի Պագալեանը, Սմբատ Ղազէլեանը, Կարօ Գինոյեանը:

Հաւաքական աշխատանքի  մը   լիարժէք  արգասիքն էր  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան թատերախումբին այս յաջողութիւնը:

Կարեւոր իրողութիւն մը՝  ներկայացումին լեզուն ժողովուրդին մատչելի,մաքուր եւ  դիւրըմբռնելի  արեւմտահայերէն էր:

Վաչէ  Տօներեան յաջողած է թատերախումբը   թարմացնել  նոր եւ  երիտասարդ  ուժերով

Ջերմապէս կը  շնորհաւորենք   ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան»  թատերախումբի  վարչութիւնը, բեմադրիչ Վաչէ  Տօներեանը, դերասանական   կազմը, կանաչ եւ  նորանոր  յաջողութիւններով  ճանապարհ  կը  մաղթենք:

Գնահատանքի  խօսք   վարչութեան  ատենապետ   Մարօ   Թէլվիզեանին, փոխատենապետ, բեմավար եւ նկարահանում՝  Սեւակ  Նորշահեանին,  ատենադպիր,   որմազդի յղացում եւ իրագործում՝ Սմբատ  Ղազէլեանին,   հանդերձանքներու պատասխանատու՝  տոքթ. Անի  Երկանեան- Ղազէլեանին, գանձապահ՝ Տինա Նորշահեանին, քուլիսի եւ բեմի պատասխնատու՝  Ռիթա Ինճիրքոշեանին, երաժշտութեան  ձեւաւորում՝  Տօներեան  եղբայրներուն:

Անշուշտ,  շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի մեծագոյն բաժինը կ’երթայ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի  վարչութեան, բոլոր միութենականներուն, որոնք անձնազոհաբար,  իրենց թանկագին ժամերը եւ բոլոր կարելիութիւնները դրած էին ի սպաս սոյն ներկայացումին յաջողութեան, վկայ՝ թատերասրահին լեցուն աթոռները:

Յարատեւ  վերելք եւ նորանոր  յաջողութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 ՅԳ.  «Կասկածը  Կնոջ  Մտքին Մէջ»  կատակերգութիւնը կրնաք վայելել  Ուրբաթ 2, եւ Կիրակի 4 Յունիս  2023-ին,  Յակոբ  Տէր Մելքոնեան  թատերասրահին մէջ, Պուրճ  Համուտ:

 

 

Previous Post

50% of men over 50 suffer from this problem, but now there’s an easy fix

Next Post

Biden congratulates Erdoğan on renewing his tenure

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.