Հայաստանը սփիւռքին կապող թարմացած տեղեկատուական-լրատուական հարթակ մը՝ նոր բովանդակութեամբ եւ հնարաւորութիւններով. շուրջ 6 ամիս տեւած աշխատանքներէն ետք վերագործարկուեցաւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի» սփիւռքի բաժնի «Հայերն այսօր» կայքը: 10 Փետրուարին Երեւանի «Պեսթ Ուեսթրն քոնկրէս» հիւրանոցային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ կայքի նոր տարբերակի շնորհանդէսը:
Միջոցառման ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ՀՀ ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարզանքի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը, ՀՀ ԿԳՄՍ փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանը, շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր սփիւռքէն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ բաժնի ղեկավար Լիւսի Վանայ Կարապետեանը։
«Հարթակը գործած է դեռեւս Սփիւռքի նախարարութեան օրօք եւ հասցուցած է շատ սիրելի դառնալու՝ մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներուն համար։ Նախորդ տարուան օգոստոսէն ի վեր, երբ ձեւաւորուեցաւ բաժինը, որոշեցինք «Հայերն այսօրին» տալ նոր շունչ ու տարբերուող բովանդակութիւն։ Ատիկա դարձաւ մեր անձնակացմին երազանքը, որ արդէն իրականութիւն է։ Պահպանելով անունը եւ ձեւաչափը՝ նոր լուծումներով, նոր դէմքերով ստեղծեցինք լիովին նոր, քառալեզու կայք մը։ Աւելցուցած ենք նաեւ արեւմտահայերէնը՝ մեծ կարեւորութիւն տալով անոր պահպանումին»,- ըսաւ բաժնի ղեկավարը՝ ընդգծելով հաւաստի եւ արժանահաւատ լրատուական հարթակի կարեւորութիւնը սփիւռքի ներկայիս փխրուն տեղեկատուական հոսքի ժամանակաշրջանին։
ԱԺ երեսփոխան, ՀՀ Սփիւռքի նախկին նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւս կարեւորեց վերագործարկուած տեղեկատուական հարթակին առաքելութիւնը Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։
«Ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ «Հայերն այսօրը», որպէս առարկայական տեղեկատուական աղբիւր, ինչպէս նախկինին, այնպէս ալ ապագային պիտի ըլլայ իւրօրինակ հարթակ մը՝ թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ ներհայաստանեան շրջանակներուն համար։ Անիկա նաեւ կարեւոր առաքելութիւն մը ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու կապերու ամրացման եւ զարգացման գործին մէջ»,- նշեց ԱԺ երեսփոխանը։
ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին յատկապէս ոգեւորած է արեւմտահայերէնի կիրառման գործօնը, քանի որ բացի արեւելահայերէնէն, ռուսերէնէն եւ անգլերէնէն՝ կայքին բովանդակութիւնը կը մատուցուի նաեւ արեւմտահայերէն։
«Այսօր առաւել քան երբեւէ կարեւոր է սփիւռքի դերը, եւ կապերն ամուր ըլլալու հանգամանքը։ Եկէ՛ք ընդունինք, որ կան շատ հանգամանքներ, որոնք այդ կապերը կա՛մ կը քայքայեն, կա՛մ կը տկարացնեն։ Իսկ առարկայական, ճիշդ տեղեկատուութեան պակասը անոր մէջ մեծ դեր կը խաղայ։ «Հայերն այսօրը» մեծ ու կարեւոր առաքելութիւն ունի, որովհետեւ կրնայ հանդիսանալ այդ հնարաւորութիւնը, որմով կը լրացուի բացը եւ մեծ դեր կը խաղայ Հայաստան-սփիւռք կապերու առողջացման, ամրապնդման եւ երկարատեւութեան ապահովման գործին մէջ»,- ըսաւ ան։
ՀՀ ԿԳՄՍ փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեանն ալ իր հերթին շնորհաւորելով կայքի վերագործարումը՝ նշեց, որ նախարարութիւնը սերտ եւ անմիջական համագործակցութիւն պիտի ունենայ «Հայերն այսօրի» անձնակազմին հետ։
«Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ինչու չէ, երիտասարդութեան եւ մարզանքի հարցերով սփիւռքի հետ համագործակցութեան հարցերուն մէջ պիտի օգտուինք հարթակէն եւ գործածենք զայն՝ որպէս կարեւորագոյն աղբիւր սփիւռքի հետ երկխօսութիւնը աշխուժացնելու, գործընկերութիւնը ամրապնդելու համար։ Ասիկա շարունակական գործընթաց մըն է, եւ նոր մարդուժի ներգրաւումը կարեւոր է, յատկապէս այսօրուայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ»,-ընդգծեց Արթուր Մարտիրոսեանը։
Միջոցառման աւարտին Սփիւռքի բաժնի ղեկավարի տեղակալ Վիթալի Գրիգորեանը մանրամասնօրէն ներկայացուց կայքին վերաթարմացուած տարբերակը՝ իր բաժիններով եւ ենթաբաժիններով, որուն մէջ տեղադրուած նիւթերը կը պատմեն Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի կեանքին, Հայաստանի գրաւչութիւններուն, յաջողակ ու ստեղծագործ դէմքերուն, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան հնարաւորութիւններուն ու խնդիրներուն մասին: