ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Դոկտ, Աբէլ քհնյ. Մանուկեան,
«Հայ եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցիներու միութեան վերջին փորձը Փլորենտիոյ մէջ եւ «Decretum pro Armenis» կամ «Հրահանգ առ Հայս» կոնդակը», Երեւան, 2020, 96 էջ։
«Կ’պրին միայն անոնք, որոնք կը պայքարին…
Ու կը քալեն մտախոհ, տոգորուած վսեմ իղձերով
Սնուցանելով անդադար, ցերեկ և գիշեր,
Կամ սուրբ աշխարհ մը եւ կամ թէ մեծ սէր մը…»
Վիքթոր Հիւկօ
Նոր լոյս տեսաւ Փլորենտիոյ տիեզերական ժողովին՝ Կաթոլիկ եւ Հայ Եկեղեցւոյ միութեան վերջին փորձին նուիրուած գիրքս։ Յարմա՞ր էր արդեօք այս միջոցին ընդհանրապէս գիրք հրապարեկել, երբ ազգովին կ’ապրէինք սարսափի եւ ահաբեկման օրեր։ Ծանօթ խօսք մը կ’ըսէ. «Երբ թնդանօթները կ՛որոտան, մուսաները կը լռեն»։ Արդարեւ, հարցում մըն էր, որ երկար կը չարչրկէր զիս։ Սակայն ճշմարիտ ընկերներ, մասնաւորապէս հայրենիքէն, զիս կը խրախուսէին ըսելով, որ հակառակ ազգովին ունեցած մեր ծանր կորուստներուն, պէտք չէ ընկճուինք, պէտք չէ հարկադրաբար ամլութեան մատնուինք ու պարտուողականութիւնը մեր մէջ դարձնենք նկարագրագին մահահոտ նստուածք մը։
Հազարամեակներով պայքարած ենք մեր գոյութեան աստուածատուր իրաւունքին համար, եւ այդ գոյապայքարը պիտի շարունակենք հակառակ կեանքին առաջադրած բոլոր տեսակի մրտահրաւէրներուն։ Դարերու ընթացքին արարելն ու ստեղծագործելը, ընդհուպ մինչեւ մոխիրներուն մէջէն վերածնիլը եղած է մեր գոյութեան «խորհուրդ խորին»-ը, մեր ազգային գոյապայքարի մեծագոյն ուժը։ Հետեւաբար պիտի շարունակենք ստեղծագործել ի գին ամէն զոհողութեան եւ թոյլ պիտի չտանք ընկճել մեր արարող ոգին՝ յատկանշական այն բարեմասնութիւնը, որ հայը կը կանգնէ արդի բարձր եւ յառաջընթաց քաղաքակրթութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։
Ահաւասիկ, առկայ հատորը յաւելեալ լումայ մըն է հայ ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական պատմութեան հարուստ գանձարանին մէջ։