Պատրաստեց` Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)
– «Ալեքսանդր Խատիսեան. Անտիպ գործեր, նամակներ, նիւթեր եւ փաստաթղթեր», աշխատասիրեց Վլատիմիր Յարութիւնեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 754 էջ (17,4 x 24,6 սմ.) (Հայաստանի առաջին հանրապետութեան երկրորդ վարչապետէն անտիպ յուշեր, զանազան գրառումներ, նամակներ, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու ցանկ, անձերու, փաստաթուղթերու, մամուլային հրապարակումներու սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, աշխատասիրողի գունաւոր լուսանկարը եւ գիտական կենսագրութիւնը) (նիւթերը հայերէն եւ ռուսերէն են՝ ոչ նոյնական):
– «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի», հինգ հոգիի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանը՝ Շահան արք. Սարգիսեանի, համահրատարակիչներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն եւ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի հիմնարկ-Մատենադարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2023, 543 էջ (Ատանայի թեմի Քաղաքական ժողովի 2 մարտ 1905 – 10 ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի նիստերու արձանագրութիւններ, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու, բանալի բառերու, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր): Հատորը լոյս տեսած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի մեկենասութեամբ:
– Արթինեան Խուան Փապլօ, «Ցեղասպանութիւն եւ դիմադրութիւն», Պուէնոս Այրեսի համալսարանի հրատարակչութիւն, Պուէնոս Այրես, 2023 (սպաներէն):
– Գաբիկեան Նազար, Գալուստեան Կիւլպենկ, Ապիկեան Սամուէլ, «Ագ-Տաղի քառամեայ գոյամարտը», Երեւան, 2023 (վերահրատարակութիւն Մարսէյի մէջ 1932-ին լոյս տեսած գիրքին):
– Գէորգեան Ռեմոն-Յարութիւն, «Աւարտին հասցնել ցեղասպանութիւն մը – Մուսթաֆա Քեմալը եւ հայ ու յոյն վերապրողներու բնաջնջումը (1918-1922)», «Օտիլ Ժագոպ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 օգոստոս 2023, 416 էջ (15,5 x 24 սմ.) (հեղինակը անհերքելի փաստերով ցոյց կու տայ, թէ արդի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնուած է ցեղասպանութեան վրայ եւ թէ անոր հիմնադիր Քեմալը շարունակած է երիտթուրքերու ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ նախկին երիտթուրք բազմաթիւ գործիչներու մասնակցութեամբ) (ֆրանսերէն):
– Էպլիղաթեան Մաթիկ, «Անկրկնելի Հալէպը», «Կիլիկիա» հրատարակչատուն, Հալէպ, 2023, 288 էջ (11,9 x 19,9 սմ.) (յուշեր եւ խոհեր Հալէպի եւ Քեսապի՝ առաւելաբար վերջին տասնամեակներու կեանքէն): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր հօր՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երկարամեայ երեսփոխան, Մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի յիշատակին:
– Թրթռեան Ժիրայր, «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր», Սուրիա, 2023:
– Լիպարիտեան Ժիրայր, «Վտանգուած Հայաստան մը. Երրորդ հանրապետութիւնը, Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը», «Կոմիտաս» հիմնարկի հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2023, 47 + 586 էջ (անգլերէն):
– Լոռենց Վահէ, «Գահնամակ», Ա. գիրք, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 299 էջ (Ա.-ԺԹ. դարերուն գոյութիւն ունեցած հայկական իշխանական եւ թագաւորական ինը տոհմերու երեւելի գործիչներու համառօտ կենսագրութիւնը, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):
– Ղազարեան Վաչէ (հաւաքեց եւ թարգմանեց), «Թրքական ազգայնականութեան վերելքը Առաջին աշխարհամարտէն ետք եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակումը», «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմաութ, Ռոտ Այլընտ, Ա. Մ. Ն., 2023, li + 586 էջ (18,3 x 26,1 սմ.) (Փոքր Ասիոյ տարբեր վայրերէ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիաքարան ղրկուած տեղեկագիրներ հայոց տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան մասին, յառաջաբան, Թուրքիոյ քարտէսը, ծանօթագրութիւններ, 4 յաւելուած, եռալեզու բառացանկ, անձնանուններու, տեղանուններու ցանկեր, տեղանուններու համեմատական ցանկ) (երկլեզու՝ անգլերէն եւ հայերէն): Հատորը լոյս տեսած է «Տոլորես Զոհրապ-Լիպման» հիմնադրամի դրամաշնորհով եւ ձօնուած է մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ցեղասպանութեան զոհերուն, հայոց օգնութեան հասած անհատներուն:
– Մալխասեան Սիրվարդ, «Աւետիք պատրիարքին խորհրդաւոր կեանքը. Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանէն Պասթիլի զնտաններ», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, յուլիս 2023, 112 էջ (13 x 19,5 սմ.) (18-րդ դարու սկիզբին կաթոլիկ ներթափանցման դէմ պայքարած, այդ պատճառով առեւանգուած եւ Ֆրանսայի աքսորավայրին մէջ վախճանած Աւետիք պատրիարքի ոդիսականը) (թրքերէն):
– Մարկոսեան Մարզպետ, «Քաղաքներու կախարդանքը (Եռամաս դիտարկումներ) – Գ. – Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2023 (հրապարակագրական եւ խոհագրական յօդուածներ մարդկային ու ազգային տարբեր հարցերու մասին):
– Միրզոյեան Վալերի, Բեժանեան Նուրիսա, «Լեզուական անկախութեան երեսուն տարին», «Մեկնարկ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 192 էջ (14,8 x 20,3 սմ.) (ՀՀ-ի «Լեզուի մասին» օրէնքի վաւերացման 30-ամեակին առթիւ մտորումներ ՀՀ-ի մէջ հայոց լեզուի դիմագրաւած բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն մասին. ծաւալին կէսը «Յաւելուած»ն է՝ գիրքի հեղինակներուն՝ հայրենական մամուլին մէջ լեզուական հարցով հրապարակումները):
– Մսըրլեան Զաւէն, «Ապրող էջեր անցեալէն», խմբագիր՝ Արմէն Իւրնեշլեան, Հայ աւետարանական գոլեճի 100-ամեակի մատենաշար թիւ 3, Պէյրութ, 2023:
– Յովհաննէսեան Ռաֆֆի քահանայ, «Հայր Սահակ Քեշիշեան. Մխիթարիչ յենակը», հրատարակութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, տպագրութիւն «Duoprint», Պէյրութ, 2023, 157 էջ (14 x 21 սմ.) (Յիսուսեաններու Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի երկարամեայ տնօրէն Հայր Սահակ Քեշիշեանի կենսագրութիւնը՝ քաղուած Յիսուսեան հայրերու դիւանէն ու իր օրատետրերու գրառումներէն, վկայութիւններ իր մասին, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ) (ֆրանսերէն): Գիրքը լոյս տեսած է Ճեմարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ:
– Նաճարեան Սարգիս, «Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան երանացման ճանապարհին», «Pomigravure» տպարան, Պէյրութ, 2023, 64 էջ (14,5 x 21 սմ.) (քարտինալ Աղաճանեանի՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայութեան համառօտ ներկայացումը, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):
– «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին», Ա. հատոր, հրատարակութեան պատրաստեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023 (գրականագէտ, մանկավարժ, խմբագիր Պօղոս Սնապեանի՝ 40 մտաւորականներու հետ փոխանակած 223 նամակներ, ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանի մեկենասութեամբ:
– Չարենց Եղիշէ, «Եւ լուսաբացը վերածուեց մթնշաղի», թարգմանիչներ՝ Մարիամ Երեմեան, Գրիգոր Ղազարեան, Ալֆոնսօ Փոմփելլա, Անուշ Թոռունեան եւ Մարիօ Վերտոնէ, «Լէոնիտաս» հրատարակչութիւն, Հռոմ, 2023 (Չարենցի՝ 1922-1937-ին հեղինակած բանաստեղծութիւնները, Անահիտ Չարենցի յօդուածը հօր մասին) (իտալերէն):
– Պեյլէրեան Նազլը Թեմիր, «Թուրքիոյ հայոց հաւաքական յիշողութիւնը. Ցեղասպանութենէն յուշասպանութիւն», «Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2023 (45 բանաւոր պատմութիւններ) (ֆրանսերէն): Ժողովածուն նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին:
– «Ռուբէնի յուշերը», Ա. Եւ Բ. հատորներ, «Ռուբէն» մատենաշար, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023 (Հ. Յ. Դ.ի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերը):
– Սիմոնեան Աշոտ, «Մակուեցի Մեսրոպ», խմբագիր՝ Մհեր Քումունց, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 140 էջ (14,2 x 20,2 սմ.) (զանազան նիւթեր հայոց ազատամարտի նուիրեալ գործիչ, հետագային Ուրմիոյ մէջ քահանայագործած Մեսրոպ Աւետիսեանի մասին, Մեսրոպ Աւետիսեանի սեւ-ճերմակ լուսանկարը, հեղինակի գունաւոր լուսանկարը եւ հրատարակած գիրքերու ցանկը): Գիրքը նուիրուած է 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայոց ազատամարտերու նահատակներու եւ մասնակիցներու յիշատակին: Տպագրութիւնը իրականացած է հինգ ազգայիններու նուիրատուութիւններով: