(Համառօտագրութիւն)
Դոկտ. Արա Պապեան հիմնադիրն է «Մոտուս Վիվենտի» (Modus Vivendi) հետազօտական կեդրոնի եւ ղեկավար մարմինի անդամներէն է «Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ»ի (ԱԺԲ): Արա Պապեան մեր լաւագոյն մասնագէտներէն է Ուիլսոնեան իրաւարար վճռի, Ուիլսոնեան սահմաններու, Սեւրի եւ այդ տարիներուն կնքուած դաշնագիրներու: 2000-2006 թթ. Պրն. Պապեան եղած է ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Գանատայի մէջ: Ան Լոս Անճելըս կը գտնուէր Մարտէն ի վեր, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ տեղի հայ կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու հետ, միաժամանակ նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ ամերիկեան պետական անձնաւորութիւններու հետ: Այնուհետեւ ան մէկնեցաւ մայրաքաղաք Ուաշիկնթըն, որմէ ետք պիտի անցնի Նիու Եորք: Մեր հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի ԱԺԲ-ի նորաբաց գրասենեակին մէջ, 13 մարտ 2021-ին:
Հարցազրոյցի ընթացքին Պրն. Պապեան շեշտեց, թէ ան նպատակ ունի ծանօթացնելու Ազգային ժողովրդավարական բեւեռի (ԱԺԲ) նպատակները, որովհետեւ անոր մասին լուրերը կը հասնին խեղաթիւրուած կերպով եւ, հետեւաբար, մարդիկ ամբողջական պատկերացում չունին ԱԺԲ-ի մասին: Ան նաեւ նպատակ ունի հասկնալ հայրենակիցներու մտածումները, որպէսզի հետագային աւելի լաւ կազմակերպեն աշխատանքները: Երրորդ նպատակն էր հանդիպումներու միջոցով ներկայացնել ԱԺԲ-ի հայացքները, կազմակերպել դրամահաւաք, որպէսզի այլ տեղերու մէջ ալ բանան մշտական գրասենեակներ՝ շփումներու եւ բացատրութիւններ տալու, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւններ կազմակերպելու համար:
Պատասխանելով մեր այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ համար մտաւորականութեան մասնակցութիւնը թոյլ է, ան ըսաւ, որ մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը ունի պարտականութիւններ եւ անոնք յաճախ եղած են առաջին շարքերու վրայ, սակայն պատճառներէն մէկը համեմատաբար եղած է տասնամեակներու յոգնածութիւնը, այնուամենայնիւ մեր մտաւորականութեան զգալի մասը կը մնայ պատնէշի վրայ, շատեր ԱԺԲ-ի շարքերու եւ ղեկավարութեան մէջ են, ինչպէս օրինակ երաժիշտ Եղիշէ Պետրոսեանը, կան բժիշկներ, գործօն է նաեւ սրտի լաւագոյն վիրաբոյժներէն մէկը:
Պրն. Պապեանը կը յիշեցնէ թէ ինք նոյնպէս մտաւորական մը ըլլալով, դիւանագիտութեան մասնագէտ է, պատրաստած է արխիւներու հսկայական հաւաքածոյ մը, որ կարեւոր է հայկական հողային պահանջատիրութեան հիմքերը պատրաստելու համար եւ ատիկա ԱԺԲ-ի ծրագրային հիմնադրոյթներէն մէկն է: Սա ինքնանպատակ չէ, միայն արդարութեան հարց չէ, այլ ՀՀ-ի անվտանգութեան եւ ամբողջականութեան հարց է, այսինքն՝ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման խնդիր է: Ան ուշադրութեան կը յանձնէ այն փաստը, որ այն տարածքները, որոնց նկատմամբ մենք իրաւունքներ ունինք, արդէն իսկ որոշուած են փաստաթուղթերու հիման վրայ: Մտաւորականութիւնը այս ուղղութեամբ կատարած է եւ կը կատարէ զգալի պրպտողական աշխատանք, բայց որոշ չափով ստուերի տակ կը մնայ, որովհետեւ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ հիմա հալածանք կայ իրենց հանդէպ:
Գալով վարչապետութեան պաշտօնի թեկնածութեան խնդրին, Պրն. Պապեանը կ’ըսէ թէ շատերը յաւակնութիւններ ունին այդ պաշտօնին: ԱԺԲ-ի մէջ իրենք ունին առնուազն երեք-չորս անձ, որոնք կրնան նման պատասխանատուութիւններ ստանձնել, մարդիկ, որոնք զինուորական են, դիւանագէտ են: Առ այժմ անոնք չեն յայտարարեր թեկնածուներու անունները, որովհետեւ զիրենք հարուածի տակ կրնան դնել թէ՛ տեղական իշխանութիւնները, թէ՛ Քրեմլինը եւ թէ՛ այլ կառոյցներ:
Պրն. Պապեան կը յիշեցնէ նաեւ, որ սահմանադրութիւնը էական սահմանափակումներ ունի, օրէնսդրական գիրքը նոյնպէս: Նախ պետք է այդ սահմանափակումները վերանան եւ ապա կը յստակեցուի իրենց դիրքորոշումը: Հայաստանաբնակ հատուածի մէջ կան շատեր, որոնք շատ աւելի լաւ կրթութիւն եւ փորձառութիւն ունին քան ներկայ ղեկավարները, իսկ եթէ յաջողուի փոխել սահմանափակումները եւ սփիւռքէն ներգրաւելու հնարաւորութիւններ ունենայ «Բեւեռը», ապա իրենց եւ հայութեան հնարաւորութիւնները աւելի կը մեծնան: «Բեւեռականներ»ը կը շեշտեն, որ երբեւէ իրենք չեն պնդած, որ ԱԺԲ-ի անդամ ըլլայ թեկնածուն, ընդհակառակը՝ իրենք կը հաւատան որ կառավարութիւնը կրնայ ըլլալ անկուսակցական, իսկ ԱԺԲ-ն վերկուսակցական համախմբում է, «Ես ինքս էլ անկուսակցական եմ եղել, բայց մասնակցում եւ աջակցում եմ, որովհետեւ կարեւոր եմ համարում ազգային եւ ժողովրդավարական բաղադրիչները», կ’ըսէ Պրն. Պապեան:
Անդրադառնալով «Սասնայ Ծռեր», «Վերածնունդ», «Եւրոպական կուսակցութիւն» եւ 17+ական ու այլ խմբակցութիւններուն, Պրն. Պապեան կը պնդէ, որ Հայաստանեան մամուլը, ՀՀ-ի լրատուական դաշտը, յատկապէս հեռուստատեսութիւնը, միանգամայն կողմնակալ են: Ըստ էութեան չկայ անկախ հեռուստատեսութիւն, կայ հանրայինը, որ ամբողջութեամբ վարչապետի հսկողոութեան տակ է, միւս հեռուստակայանները (ոչ առցանց) ամէն մէկը ինչ որ մէկու գովք կը հիւսէ, այդ պատճառով ալ «աղմուկը» բարձր կը հնչէ, ապա փորձ կ’ըլլայ այնպէս ներկայացնել, թէ կան միա՛յն նախկիններ եւ այժմեան իշխանութիւններ, Փաշինեանն ալ փայլուն կերպով կ’օգտուի առիթէն: «Մենք հենց այդ երրորդ բեւեռի գաղափարն ենք առաջ քաշում», կ’ըսէ Պապեան, «եւ ցոյց ենք տալիս, որ Հայաստանի ժողովրդի մեծ մասը չկողմնորոշուածներն են՝ ո՛չ ներկաների, ո՛չ էլ նախկինների կողմն են: Մենք ուզում ենք բացատրել մեր գաղափարները, որպէսզի նրանց մի մասի քուէները ստանանք եւ արդարօրէն ստանանք»: ԱԺԲ-ը իր նպատակներէն մէկը կը նկատէ ժողովուրդը լուսաբանելը, անոր հետ շփուիլը, արձագանգ եւ հարցեր ստանալը եւ ատով ճշդել «Բեւեռ»ի քաղաքականութիւնը:
Հարցուցինք, թէ ինչո՞վ պայնաւորուած էր 15 Մարտէն սկսեալ հանրային հաւաքներու արգելումը, քանի որ ԱԺԲ-ը 16 Մարտին մեծ հաւաք յայտարարեր էր՝ 1921 թ. Մարտ 16-ին կնքուած հայավնաս պոլշեւիկա-քեմալական (կամ ռուս-թրքական) Մոսկուայի դաշնագրին դէմ որպէս բողոքի արտահայտութիւն, Պրն. Պապեան ըսաւ, որ լրջագոյն կասկածներ ունի, որ արգիլման նպատակը առողջապահական չէ, որովհետեւ Փաշինեանը ո՛չ միայն սեփական ցանկութեամբ տուած է այդ հրահանգը, այլ Մոսկուայի մէկ հեռախօսազանգի միջոցով, որովհետեւ ՌԴ-ն չ’ուզեր, որ հայ ժողովուրդը բողոքէ այդ պայմանագրի դէմ, որովհետեւ ո՛չ միայն թուրքերն են մեղաւոր այդ պայմանագրի համար, այլեւ ռուսերը, եւ այդ տխրահռչակ փաստաթուղթով Հայաստանի զգալի մէկ հատուածը յանձնուեցաւ քեմալական Թուրքիային:
«Ինչ վերաբերւում է արգելման հրահանգին, ապա ինչո՞վ բացատրել այն փաստը, որ երբ որ Փաշինեանին պէտք է լինում՝ նա հազարաւոր մարդկանց հանում է փողոց առանց դիմակների, փողոցներ են փակում եւ եթէ իսկապէս առողջապահական վիճակը վատացել է, ապա կարող ենք ասել, որ դա հենց ի՛ր ցոյցերի պատճառով է վատացել…», կ’աւելցնէ Պրն. Պապեան:
Մեզ կը հետաքրքրէր իմանալ, թէ ի՞նչ այլընտրանքներ ունի ՀՀ-ը, քանի որ մեզի կը թուի թէ մեր երկիրը իր ինքնուրոյնութիւնը կորսնցուցած է այլեւս եւ գրեթէ ինկած է թուրքազերի եւ ռուսական աքցանի մէջ եւ այնպես է կ’երեւի, որ ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կը կատարուի: Պրն. Պապեան ցաւալի կը նկատէ այս իրականութիւնը, որմէ յստակ կ’երեւի, որ ներկայիս ՀՀ-ը կը կառավարուի Քրեմլինէն, զոր ինք ընդունելի չի նկատեր:
Պրն. Պապեանը կը կարծէ թէ սպասարկելով միայն ռուսական շահերուն՝ լրջագոյն խնդիրներ կ’ունենանք այլ երկիրներու հետ, որովհետեւ վերջիններս, որոնք դէմ են ՌԴ-ին, ՀՀ-ը կ’ընկալեն որպես ՌԴ-ի շահերու սպասարկու եւ մեր երկրի հետ յարաբերութիւնները կը վատացնեն: Այս իսկ պատճառով «Բեւեռ»ը հանդէս կու գայ այլընտրանքային լուծումներու փնտռտուքով: Այսինքն, ԱԺԲ-ի կողմէ առաջ քաշուած անվտանգութեան այլընտրանքի նպատակով փորձ կը կատարուի ԱՄՆ-ի հետ հաստատել որոշ կապեր: Խօսքը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի մէջ գոյութիւն ունեցող ՆԱԹՕ-ի ոչ-անդամ դաշնակիցի կարգավիճակին (Major Non-NATO Ally of the USA), որ ՀՀ-ին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի պաշտպանուած զգալ: Սա, ի հարկէ, ռազմական ուխտի (bloc) անդամ ըլլալ չի նշանակեր, այլ երկկողմ փաստաթուղթ է, որտեղ կողմերէն մէկը, այսինքն ԱՄՆ-ը իր հովանին կը տարածէ մեր վրայ, ինչպէս այլ ոչ-անդամ պետութիւններու վրայ կը տարածէ: Ասիկա ամենեւին չի նշանակեր «հակա-ռուս» ըլլալ եւ մեր նպատակն ալ երբեք այդ չէ, ինչպէս կ’ուզեն ներկայացնել մեզ:
Պրն. Պապեան հաւատացած է որ մենք վտանգուած ենք եւ կանգնած նոր ցեղասպանութեան շեմին, որովհետեւ, եթէ Ազրպեճանա-թուրքական զոյգը յարձակում փորձէ ՀՀ-ի վրայ, գոնէ Սիւնիքի գրաւումով, մեր գոյութիւնը կը վտանգուի: Հաշուի առնելով, որ ՀՀ-ի աւանդական դաշնակից ՌԴ-ը այսօր կ’իրականցնէ Թուրքիային մերձենալու քաղաքականութիւն, ան յանուն հայերուս իր յարաբերութիւնները պիտի չփճացնէ անոնց հետ: Յստակ է՝ ՌԴ-ի շահերէն չի բխիր հայերս պաշտպանելը, եւ հետեւաբար ոչ ալ պիտի պաշտպանէ մեզ:
Խօսելով այն մասին, թէ ԱՄՆ-ը կը պաշտպանէ՞ արդեօք մեզ, «մենք դեռեւս չգիտենք», կ’ըսէ ինք, «հետեւաբար մենք պէտք է աշխատինք այդ ուղղութեամբ, պէտք է պայքարինք, որ այդպիսի կարգավիճակ ստանանք, որովհետեւ ատոր բացակայութիւնը հայերուս համար գոյութենական սպառնալիք է»: Ահա թէ ինչու Պրն. Պապեան յատկապէս կը դիմէ ամերիկահայութեան, որպէսզի դիմեն գոնգրեսականներուն եւ սենաթի անդամներուն եւ պաշտօնեաներուն եւ անպայման խօսին այս մասին:
Մեզ կը հետաքրքրէր իմանալ Պրն. Պապեանի տեսակէտը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կամայ թէ ակամայ ձախողանքներու մասին: Ան առանց վարանելու ըսաւ. «Ոտից գլուխ ձախողում է: Աւելի հեշտ էր հարցնել, թէ ինքը երբեւիցէ յաջողե՞լ է…»: Ըստ իրեն, վարչապետը ձախողած է պաշտպանական եւ անվտանգային քաղաքականութեան մէջ: «Մենք ձախողութեան մատնեցինք մեր վերջին երեսուն տարուայ ներդրումը եւ զոհողութիւնը…բայց խնդիրը չփակուեց, կայ Սիւնիքի խնդիրը, վտանգւում է նաեւ Սեւանը», կը կարծէ Պապեան եւ կը յիշեցնէ, թէ նախկին երկու վարչակարգերը մեզ «ժառանգ» թողուցին անպաշտպան երկիր մը:
Որպէս երկրորդ ձախողութիւն Պրն. Պապեանը կը նշէ, որ ոչինչ կատարուեցաւ իրական արդարադատութիւն hաստատելու ուղղութեամբ, թէեւ Փաշինեանի իշխանութեան գալու հիմնական կարգախօսը եղած էր դատական հիմնարկներու մաքրագործումը: Երրորդ ձախողութիւնը կը նկատէ ընտրական նոր համակարգի եւ օրէնսդրական փոփոխութիւններու բացակայութիւնը, որուն պատճառով ԱԺԲ-ը, որ վերկուսակցական հարթակ է, չի կրնար մասնակցիլ ընտրութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի այն կարծիքին, թէ Փաշինեանի «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» յայտարարութեան, որ իբր թէ ատիկա պատճառ եղած է մեր թշնամիներու նախայարձակման, Պապեան չի կարծեր թէ որեւէ նշանակութիւն ունեցած է այդ «խանդավառ» խօսքը, այլ պարզապէս պատրուակ է պատերազմի պատասխանատուութիւնը ՀՀ-ի վրայ բարդելու: Պատերազմը արդէն մեր դուռը հասեր եւ առճակատումը պայմանաւորուած էր այն անհաւասարակշռութեամբ, որ առաջացեր էր ՀՀ-ի եւ Ազրպեճանի միջեւ: «Այո՛», կ’ըսէ Պապեան,« Արցախը Հայաստա՛ն է, բայց իշխանութիւնները դա պիտի ասէին ՄԱԿ-ի 24 փետրուարի զեկոյցի հիման վրայ եւ ներկայացնէին միջազգային հանրութեանը»:
Պրն. Պապեան նշեց նաեւ, թէ Փաշինեանը երբեւէ սկզբունքային չէ եղած եւ յաճախ հակասած է ինքզինք՝ որով շփոթութեան մէջ ձգած է օտարերկրեայ ղեկավարները:
Մեր զրոյցի ընթացքին խօսեցանք նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերի ու կեցուածքի մասին: Ըստ Պապեանի, եկեղեցական վերնախաւը ցաւօք սրտի մշտապէս եղած է իշխանութիւններու հետ եւ դարձած պիւրոկրատիա, տեսակ մը փակ բաժնետիրական ընկերութիւն՝ տարբեր պիզնես ճիւղաւորումներով: Ան կը պնդէ, որ մեր եկեղեցին պէտք է վերադառնայ իր արմատներուն եւ սկզբունքներուն՝ ըլլայ ժողովուրդի հետ, ժողովուրդի համար եւ գտնուի հասարակ մարդու կողքին:
– Որպէս պատգամ ուզում եմ ասել բոլորին, թէ պէտք չէ վհատուել, այլ հաւատով պայքարել եւ ամէն ինչ անել յաջողութիւն ունենալու համար,- եզրակացուց Պրն. Պապեան,- պէտք չէ այն թակարդը ընկնել, թէ ընտրութիւնը նախկինների եւ Փաշինեանի միջեւ է, կամ 17-ի եւ վարչապետի միջեւ. ո՛չ, ամենեւին այդպէս չէ, կայ երրորդ բեւեռ, որի դեռեւս ամէնէն ներկայանալին ԱԺԲ-ն է:
Հարցազրոյցը վարեց
Մինաս Գոճայեան
21 Մարտ 2021, Լոս Անճելըս