Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Կարծես հայերը այս օրերուն քիչ հարցեր ունէին Արցախի աղէտալի զարգացումներուն կապուած, հիմա ալ, Սփիւռքի մէջ, նոր վէճի մը առջեւ կը գտնուինք։ Ես տասնեակ հեռաձայններ եւ նամակներ ստացած եմ զանազան երկիրներ ապրող հայերէ, որոնք ինծի տեղեկութիւններ փոխանցած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ հասունցող նոր հարցի մը մասին: Յայտնի են կցկտուր մանրամասնութիւններ, եւ Երուսաղէմէն հետս կապ հաստատած հայերը խնդրեցին ինձմէ, որ չբացայայտեմ իրենց անունները՝ վախնալով կա՛մ պատրիարքարանի տրամադրած բնակարաններէն դուրս դրուելէն, կա՛մ ժխտական ուրիշ հակազդեցութենէ մը:
Խօսքը հողակտորի մը մասին է, որ վերջերս պատրիարքարանը վարձու տուած է Աւստրալիայէն եկած հրեայ գործարարի մը: Ես կապ հաստատեցի այն երեք հոգեւորականներուն հետ, որոնք նշուած էին՝ իբրեւ այս գործարքը պատրիարքարանին անունով հաստատողներ:
Նախ, ես նամակ յղեցի Նուրհան պատրիարք Մանուկեանի՝ խնդրելով պայմանագիրին պատճէնը, սակայն, ցաւօք, ան չարձագանգեց։ Այնուհետեւ հեռաձայնեցի պատրիարքարանի լուսարարապետ Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի, որ դժկամութիւն ցուցաբերեց հետս քննարկելու այս հարցը։ Անանուն աղբիւրէ մը ինծի ըսին, որ արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի վրայ ճնշում գործադրուած է պայմանագիրը հաստատելու համար: Քիչ անց հեռաձայնեցի պատրիարքարանի անշարժ գոյքի բաժնի տնօրէն հայր Պարեթ Երէցեանի, որ հաստատեց գործարքը եւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց: Այս երեք հոգեւորականները, որոնք պատրիարքարանին՝ ութ հոգիէ բաղկացած Սուրբ Սինոտի (Տնօրէն ժողով) փոքրամասնութիւնն էին, հաստատած էին վարձակալութիւնը։ Անանուն աղբիւրը կ՛ենթադրէր, որ պատրիարքարանի Սրբոց Յակովբեանց ամբողջ եղբայրութիւնը պէտք է հանդիպում ունենար, որպէսզի պայմանագիրը վերանայէր:
Հայր Երէցեան յայտարարեց, որ քանի մը առաջարկներ եղած են արաբական տարբեր երկիրներ ապրող զանազան քաղաքացիներու կողմէ` վարձելու համար պատրիարքարանին պատկանող տուեալ կալուածը: Այսուամենայնիւ, ինչպէս ան յայտնեց, ամէնէն շահաւէտ առաջարկը ներկայացուցած է աւստրալացի հրեայ գործարար Տենի Ռուպենշթէյն:
Չբացայայտելով վարձակալութեան գումարի չափը՝ հայր Երէցեան հաստատեց, որ պատրիարքարանը կանխավճար ստացած է գործարարէն: Անանուն աղբիւրը նաեւ տեղեկացուց ինծի, որ կանխավճարը կազմած է մէկ միլիոն տոլար: Հայր Երէցեան աւելցուց, որ աւստրալացի գործարարը կը նախատեսէ այդ կալուածին վրայ կառուցել եօթը աստղանի շքեղ պանդոկ, որուն տարեկան եկամուտին մէկ մասը պիտի փոխանցուի պատրիարքարանին: Թէեւ անանուն աղբիւրէն շրջանառուող տեղեկատուութիւն մը կը նշէր, որ վարձակալութեան ժամկէտը նշուած է 99 տարի, հայր Երէցեան ինծի ըսաւ, որ վարձակալութիւնը իրականութեան մէջ 98 տարիով է: Այսպիսի երկարաժամկէտ վարձակալութիւն մը շատերուն կը ստիպէ ենթադրել, որ պատրիարքարանը երբեք պիտի չվերստանայ այդ կալուածը: Ի պատասխան այս հարցին՝ հայր Երէցեան չհամաձայնելով պնդեց, որ աւստրալացի գործարարը վարձակալութեան աւարտէն ետք պարտաւոր է կալուածը վերադարձնել պատրիարքարանին՝ վրան կառուցուած թանկարժէք պանդոկին հետ: Ասիկա հարց մըն է, որ կը մնայ պարզել միայն մէկ դար ետք: Պատրիարքարանին կողմէ նախապէս ալ այլ կալուածներու համար ստորագրուած են նման վարձակալական երկարաժամկէտ պայմանագիրներ, նոյն առարկութիւններով։
Վիճարկուող կալուածը կը կոչուի «Կովերու պարտէզ», որ կը գտնուի պատմական Սիոն լեռան վրայ, Երուսաղէմի հայկական թաղամասին հարաւ-արեւմտեան անկիւնը: Քանի մը ամիս առաջ պատրիարքարանը պայմանագիր կնքած էր Երուսաղէմի քաղաքապետարանին հետ` նոյն կալուածը օգտագործելու համար իբրեւ քաղաքապետարանի միջոցներու հաշուին վերանորոգուող ինքնաշարժներու կանգառ, մէկ մասն ալ՝ տեղւոյն հրեայ բնակիչներու ինքնաշարժները կանգնեցնելու համար: Այն ատեն պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած էր՝ ըսելով, որ այս հողին արժէքը կը գերազանցէ 2 միլիոն տոլարը: Հայր Երէցեան ինծի փոխանցեց, որ աւստրալացի գործարարին հետ նոր վարձակալութիւնը կոչուած է փոխարինելու քաղաքապետարանին հետ աւելի կանուխ ձեռք բերուած պայմանագիրը: Այլ աղբիւրներ ինծի ըսին, որ նոր համաձայնագիրը նաեւ ստորագրուած է՝ առանց Հայոց պատրիարքարանի Սուրբ Սինոտի կամ Սրբոց Յակովբեանց եղբայրութեան կողմէ ամբողջական հաստատման:
Նախապէս եղած են վէճեր, երբ պատրիարքարանի անդամները վարձու տուած են այլ կալուածներ կամ փորձած են Լոնտոնի Սոթպի աճուրդին մէջ ծախել արխիւներէ գողցուած թանկարժէք ձեռագիրները։ Իրավիճակը ներկայիս կը սրի, որովհետեւ Իսրայէլի անհատական մարդոց, ընկերութիւններուն կամ կառավարութեան հայկական որեւէ գոյք ծախելը կամ վարձու տալը կ՛արժանանայ պաղեստինցիներու դատապարտման: Պաղեստինցիները այսպիսի գործարքներ կը դիտեն իբրեւ Իսրայէլի ներկայութեան ընդլայնում, բռնագրաւուած տարածքներու մէջ։ Ինծի ըսին, որ Պաղեստինի ինքնավարութիւնը պաշտօնական բողոքի նամակ յղած է Հայոց պատրիարքարան` այս կալուածի վարձակալութեան դէմ: Սակայն, հայր Երէցեան հերքեց նման հաղորդագրութեան մը ստացումը։
Յստակ փաստերու եւ իսկական փաստաթուղթերու պատճէններու բացակայութեան պարագային, դժուար է որեւէ յստակ եզրակացութեան յանգիլ: Թափանցիկութիւն ապահովելու համար, պատրիարքարանը պէտք է հրապարակէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան պայմանագիրին պատճէնը՝ բացայայտելով պայմանները: Առանց նման բացայայտման, դժուար պիտի ըլլայ դատել այս պայմանագիրին առաւելութիւններուն կամ թերութիւններուն մասին:
Եթէ պատրիարքարանը այսպիսի գործարքներով կը զբաղի իր գործունէութեան վարչական ծախսերը հոգալու համար, այս առումով օգտակար պիտի ըլլայ պատրիարքարանի տարեկան եկամուտներու եւ ծախսերու հաշուետուութեան հրապարակումը, որպէսզի բոլորը տեսնեն, թէ արդեօք պատրիարքարանը ունի՞ եկամուտի խիստ կարիք կամ ոչ: Եթէ պատրիարքարանը իսկապէս կը գտնուի նիւթապէս յուսահատ վիճակի մէջ, ապա այսպիսի զեկոյց մը կրնայ խրախուսել աշխարհասփիւռ բարերարները՝ նուիրատուութիւններ ընելու պատրիարքարանին եւ այդպիսով ջնջելու լրացուցիչ արժէքաւոր հողամասերը ծախելու կամ վարձու տալու անհրաժեշտութիւնը:
Վերջապէս, նախապէս ստեղծուած էր ժամանակաւոր անկախ յանձնախումբ մը, որ պէտք է վերահսկէր պատրիարքարանի վարչական գործերը: Այս պահը կրնայ ճիշդ ժամանակը ըլլալ, մնայում հիմքերով նման յանձնախումբ մը ստեղծելու համար: Վերահսկող յանձնախումբի հաւաստի զեկոյցները վերջ կու տան՝ հայ համայնքներու մէջ պատրիարքարանի գործերուն մասին շրջան ընող պառակտիչ լուրերուն եւ ըսի-ըսաւներուն:
Արեւելահայերէի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան