Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ընկերային ծառայութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, որ Հայ եկեղեցին ըլլալով ժողովուրդին եկեղեցին, պէտք է ընկերային ծառայութիւնը դարձնէ առանցքային ներկայութիւն իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ:
Այս ծիրին մէջ ու ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի Կիներու լսարանը 187 ընտանիքներու, 17 ծերունիներու եւ 92 փոքրիկներու սրտերուն մէջ ցանեց ուրախութեան սերմեր` իր նախաձեռնած օժանդակութիւններու արշաւին միջոցով:
Կիներու լսարանի «Կապոյտ հրեշտակներ» անունով 49 կամաւորներէ բաղկացած բանակը անցնող շաբաթներուն ընթացքին իր թանկագին ժամանակէն տրամադրեց եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին ծառայութեան: Կամաւորները պատրաստեցին Կաղանդի եւ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու սեղանները ճոխացնող 24 տեսակ ուտեստեղէններ եւ այլ նուէրներ, ինչպէս` սառնարան, անկողին եւ այլն: Այս նուէրները ժողովուրդի զաւակներուն հասան կամաւորներու եւ միաբան հայրերու աշխատանքով: Վերջիններս այցելեցին օժանդակութիւն ստացող ընտանիքներուն եւ աղօթեցին ու անոնց փոխանցեցին վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:
Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւս մատուցեց իր ընկերային ծառայութիւնը: Երեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2017-ին, ՀԵՀՈՄ-ականները շուրջ 200 կարիքաւոր ընտանիքի փոքրիկներ համախմբեցին ՀԵՀՈՄ-ի յարկին տակ եւ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով անոնց համար խաղեր կազմակերպեցին ու նուէրներ բաժնեցին:
Նշենք, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով վեհափառ հայրապետը այցելութիւններ տուած էր «Թռչնոց բոյն», Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոց, Ազունիէի Ազգային բուժարան, այդտեղի մամիկներուն, պապիկներուն ու որբերուն հետ Կաղանդ տօնած ու աւարտին նուէրներ յանձնած էր անոնց