Հայաստանի կառավարութիւնը իր այսօրուան` Հինգշաբթի, 27 Յունիսի նիստին հաւանութիւն տուաւ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:
Զեկուցող Գեմոֆին Գասպարեան ներկայացուց ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Բաբկէն Թունեանի ներկայացուցած նախագիծը, ուր կ՛առաջարկուէր նուազագոյն աշխատավարձի չափը 55 հազար դրամի փոխարէն սահմանել՝ 63 հազար:
Գասպարեան ներկայացուց հաշուարկի հիմքերը, ուր կարեւոր նկատուած է նուազագոյն սպառողական զամբիւղը. «Ուղիղ պիտի փոխենք 45 հազար մասնաւոր եւ 35 հազար պետական ոլորտի մէջ աշխատողներու աշխատավարձի չափը, որոնք կը ստանան նուազագոյն աշխատավարձ»,-ըսաւ ան եւ նշեց, թէ անոնց աշխատավարձը շուրջ 23-24 տոկոսով պիտի ՛աւելնայ:
Նիկոլ Փաշինեան կարեւորնկատեց նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է այդ ոլորոտին մէջ բացառել չարաշահումները, հաշուի առնուին ոչ միայն գործատէրին, այլեւ աշխատողի շահերը:
Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան յստակեցուց, որ այս նախագիծը միայն նուազագոյն աշխատավարձի վերաբերեալ է եւ կապ չունի հիմնական աշխատավարձի հետ. «Տեղի չունենար հիմնական աշխատավարձի փոփոխութիւն, որմէ կախուած են շատերու աշխատավարձերուն հաշուարկը»:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան նկատել տուաւ, որ գործատէրը խուսանաւելու հնարաւորութիւններ կրնայ ունենալ ժամերու քանակով, այս երեւոյթը նոյնպէս պէտք է յստակացնել օրէնքով:
Առաջարկ նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի նիստին: