Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեան
Արեան հոտը, իր բոլոր երանգներով , եռացող ապակեայ սրսկիչներուն գոլորշին, վիրահատական գործիքներուն անբաւարարութիւնը, մանրէասպան դեղերուն տհաճ հոտը… Այս բոլորին կը միանար խուռներամ վիրաւորներուն վայնասունը, սարսափին պատճառած՝ ատրենալինին գարշահոտը եւ տեղատարափ հրթիռներուն ոռնոցը : Սա Հաճնոյ դարմանատան պատկերն էր, երբ Քարանթինայի հրթիռակոծումէն ու հրդեհներէն՝ մազապուրծ «փրկուած» բնակիչները ապաստան կը գտնէին հաճնոյ դարմանատան մէջ:
– Ա՛յս մէկը հիւանդանոց. ա՛յս մէկը ներս, ա՛յս մէկը Գերեզմանոց…։
-Նե՛րս, գերեզմանո՛ց, հիւանդանո՛ց…։
Տօքթ. Պօղոս Քարաւերտեան՝ դարմանատան դրան առջեւ կանգնած, այս երեք կրկնուող բառերով , Քարանթինայի բնակչութեան ճակատագիրը «կը ճշդէր» : Ողորմելիները տեղահանուած, արիւնլուայ, այրած ու վիրաւոր վիճակով, իրենցմէ շատերուն ողջ մնալուն զարմանքը կ՚ապրէին ու Աստուած մեծ է (الله واكبر) կը գոռային…։
Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեանը՝ դարմանատան ներսը, ամէնէն նախնական պայմաններով, մեծ «հրաշքներ» պէտք է գործէր…: Ելեկտրականութեան չգոյութիւնը ստիպած էր զինք, իր ինքնաշարժին մարտկոցին (battery) թելեր եւ լամբեր միացնելով, լուսաւորել վիրահատական սեղանը: Քանի մը տնական մկրատներով, ունելիներով եւ սակաւաթիւ բժշկական թելերով մեծ ու խորունկ շերտերով վէրքեր կը կարէր: Վէրքեր մշակելն ու դարմանելը՝ յարաբերաբար «դիւրին էին», բայց ի՞նչ կրնար ընել, երբ վիրաւորը իր ակնագունդը ափին մէջ բռնած կ՚աղաչէր. «Հաճիս, հաքի՛մ, աչքս տեղը վերադարձուր»:
«Սեւ մարդուն» ցաւերը ի՞նչպէս մեղմացնէր, ցաւազրկող (morphine) սրսկելէն բացի , երբ ամբողջ մարմինով այրած՝ անդէմ ու անանուն դարձած էր: Ամօթխած հարսին արիւնահոսող վէրքը ինչպէ՞ս կարէր, երբ ամչկոտ մանկամարդուհին կը պնդէր ըսելով. « հաճիս, հաքի՛մ, փէշս վեր չեմ առներ, վէրքս հագուստիս վրայէն կարէ»։ Օրուան քսանչորս ժամերը բաւարար չէին Տօքթ. Կարոյին համար, երբ ամբողջ Քարանթինան իր վէրքերով, փամփուշտներով եւ հոգիի ցաւերով այդ դարմանատունէն կ՚անցնէր…:
15 Սեպտեմբեր 1975 ին, երբ հայկական թաղերը եւ շրջանները՝ թիրախ դարձած էին հրթիռներու , դիպուկահարներու եւ զանազան տեսակի զինեալ հարձակումներու, Տոքթ. Կարօն Հաճնոյ Տատրեան մանկապարտէզին սրահին մէջ հիմնեց Հաճնոյ դարմանատունը:
Կամաւոր խմբակ մըն էինք՝ 6 օրիորդներէ եւ 4 երիտասարդներէ բաղկացած: Տօքթ. Կարոյին խիստ եւ բծախնդիր ցուցմունքներով , քանի մը շաբթուան ընթացքին, արդէն պատրաստ էինք առաջին օգնութեան ծառայութիւն տալու վիրաւորներուն: Մեր տան սաւանները՝ տաք արդուկին տակ, դարձան վիրակապ : Անկողինի ծածկոցները՝ զոյգ փայտերու կցելով՝ պատգարակ: Շատ մը բարեսիրական միութիւններ եւ անհատներ՝ գնահատելով դարմանատան տարած աշխատանքը, փութացին օգնութեան, մատակարարելով դեղորայք, բժշկական գործիքներ եւ զանազան պիտոյքներ:
Վարդագոյն երազներով դպրոցականներ էինք, Յունուար 1976- ին՝ Քարանթինային անկումով սթափեցանք, վայրագութեան «չափը» տեսանք, հասունցանք…: Յանկարծ վարպետ վէրք մշակողներ եղանք եւ վիրահատութիւններու օգնական դարձանք: Մահը իբրեւ սովորական երեւոյթ տեսանք…:
Սա հինգ տարեկան, հրեշտակի աչքերով աղջկան, ի՞նչ ընել ու՞ր տանիլ: Փամփուշտը ծակած էր ճակատը եւ տեղաւորուած գանկին մէջ: Փրկարարը՝ մեր խումբին «անուշիկ Գօգօն» էր: Արտաքինին չսազող, բայց ներքինին յարմարող անունով, իր կեանքը վտանգելով, դիպուկահարները անտեսելով , բազմաթիւ վիրաւորներ, Պարպիրի հիւանդանոցը հասցուց:
Բազմաթիւ դէպքեր կրնամ պատմել Քարանթինայի վերապրողներուն շնորհակալ վերաբերմունքը արտայայտող: Յաճախ, երբ Պէյրութի արեւմտեան կողմ կ՚անցնէինք, ես ու Տօքթ. Կարօն (արդէն նշանուած ), անպայման մեր դիմաց կը յայտնուէր հիւրասէր կամ երախտապարտ Քարանթինայի վերապրող մը…:
Կ՚ուզեմ յիշել, որ գանկէն վնասուած այդ սիրունիկ հնգամեայ հրեշտակը, յաջող վիրահատութեամբ մը վերապրեցաւ եւ բժշկուհիի մը մէկ հատիկ որդեգիրը դարձաւ:
Սահմանաբակ հնարաւորութիւններով՝ Հաճնոյ դարմանատունը, շնորհիւ Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեանին, մինչեւ Սեպտեմբեր 1978, օգտակար դարձաւ շրջանին բնակիչներուն, առանց խտրականութիւն դնելու հայուն կամ օտարին միջեւ։
1978-էն մինչեւ օրս, Հաճնոյ դարմանատունը կը գործէ՝ իր բարի ու նուիրեալ տիպարներով: Այս դժուարին օրերուն, գոյատեւման կամք եւ յարատեւ վերելք կը մաղթեմ Հ.Կ.Բ.Մ. ի դարմանատան: