Նուարդ Մատոյեան- Տարագճեան
ՀԲԸ Միութիւնը, Իր Գոյութեան Իմաստը Փնտռեց
Հայապահպանման Սրբազան Առաքելութեան Մէջ
Համազգային տարողութիւն ունեցող Կազմակերպութիւն մը,
որ իր գոյութեան առաջին օրերէն կու գար
համախմբելու Ազգին ուժերը,
առանց յարանուանական
ու դաւանական խտրութեան:
Միութիւն մը, որ հանդիսացաւ հայ ազգի նկարագիրն ու
ազնուական զգացումները յատկանշող , հայ ժողովուրդի
կերտուածքին յատուկ, բարեգործական ոգիին
ճշմարիտ արտայայտութիւնը:
Իր նպատակները վերածեց շօշափելի իրողութեան,
լուսաւորելու օտար ափերու վրայ գոյապայքար մղող
Հայութեան փշոտ ճանապարհը:
Միութիւն մը, որ իր գոյութեան իմաստը փնտռեց
հայը հայ պահելու իր առաքելութեան մէջ:
Անկասելի եռանդով լծուեցաւ հայապահպանման
սրբազան գործին:
Ողջ Սփիւռքի տարածքին հիմնեց հայ դպրութեան,
ու հայ մշակոյթի ամրակուռ կռուաններ:
Մեսրոպեան շունչով կոփելու եւ թրծելու հայ սերունդներուն
միտքն ու հոգին:
Իր աշխարհատարած կառոյցներէն ներս գործեցին
հանրաճանաչ, յայտնի մտաւորականներ, կրթական մշակներ եւ
ազգային գործիչներ:
Անոնք մեծ հաւատքով ու նուիրումով պահեցին ու պահպանեցին
իրենց վերապահուած հայակերտումի դերը:
Պատրաստեցին հայութեամբ շնչող եւ հայեցի
դաստիարակութեամբ զինուած, իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն
յանձնառու իրարայաջորդ սերունդներ:
Միութեան շարքերէն ներս, երիտասարդական աւիւն կը ներարկէ
Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը:
ՀԵԸ-ը Հալէպի մէջ երկար տասնամեակներու վրայ երկարող
իր բեղուն գործունէութեամբ, իր Թատերական, Մշակութային,
Երաժշտական, Սարեան Ակադեմիայի , եւ այլ յանձնախումբերու
բարձրորակ ձեռնարկներով, արժանացած է
հայ եւ օտար մշակոյթի գործիչներու
բարձր գնահատանքին:
Սուրիոյ պատերազմի թոհուբոհին մէջ, անխորտակելի էր
մեր ազգին կենսունակութիւնը:
Հպարտութիւն առթող երեւոյթ էր հայ երիտասարդներուն
մշակութային հակումն ու ձգտումը:
Որ կը բոցկլտար պատերազմի բոցերուն մէջ առկայծող
Հալեպահայ Մշակութային Միութիւններու ձեռներէց ոգիով:
Հայու աննկուն կամքն էր, որ կու գար անգամ մը եւս
հաստատելու՝ թէ մենք հայերս մշակոյթի ազգ ենք:
Այսօր, եթէ կարենանք մեծ Միութեան ոգեշնչող
պատգամը՝ «Միութիւնը Զօրութիւն է» խորիմաստ խօսքը
մեր ազգային կեանքին բնաբանը դարձնել,
որպէս մէկ սիրտ ու մէկ հոգի:
Միւս բոլոր մնացած գործօնները
կ՜ընկրկին, եւ մենք յաղթական դուրս կու գանք:
Այսօր, Մենք ենք մեր ճակատագրին տէրը…: