«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան 5 Յունուարին Երուսաղէմ պիտի ժամանէ: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէի Հայոց պատրիարքութեան մօտիկ աղբիւրէ մը:
Նշենք, որ անցնող շուրջ երկու ամիսներուն պատրիարքը կը գտնուէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ աւարտելով իր այցելութիւնը՝ Երուսաղէմի Աթոռ կը վերադառնայ:
Կը սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն, Նուրհան պատրիարքը Երուսաղէմի վերջին զարգացումներուն առընթեր շփումներ պիտի ունենայ Երուսաղէմ քաղաքի քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբի անցեալ Դեկտեմբերին Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին յայտարարութիւնը լուրջ տագնապ ստեղծած էր Սուրբ Քաղաքին շուրջ:
Թրամբի որոշումին դէմ են ոչ միայն արաբ պաղեստինցիները այլ նոյնպէս քրիստոնեայ եկեղեցիները՝ գլխաւորութեամբ Վատիկանի, տրուած որոշումը համարելով անընդունելի եւ Միացեալ նահանգներու նախագահին խորհուրդ տալով ետ դառնալ ծանր հետեւանքներու հանգեցնող այս որոշումէն: