Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Արժանթինի դեսպան՝ Մորիսիօ Ալիսի այցելութիւնը:
Դեսպանին այցելութեան հիմնական նպատակը, Արժանթինի պետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնել, Ֆրանսիս Պապին նուիրուած յատուկ հատորի մը մէջ յօդուածի ճամբով Նորին Սրբութեան մասնակցութեան համար: Դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնա-փիլիսոփայական նիւթերու դասախօս եղած ըլլալով, հանդիպման առանցքը դարձաւ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնի դերակատարութեան ընդհանրապէս միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան հարցերը: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած խնդիրները: