Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը

March 11, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի  հարցերու  յանձնակատար  Զարեհ Սինանեանը

 

Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, շուրջ երկու ժամ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի միջեւ:

Սինանեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց վերջին շրջանին զանազան գաղութներ իր կատարած այցելութիւնները, եւ անոնց արժեւորումը կատարելով՝ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը առաւել սերտացնելու կարեւորութիւնը:

Հայրապետը, իր կարգին, լայնօրէն անդրադարձաւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն սկսեալ հասնելով մինչեւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւնները, ներ-հայաստանեան իրավիճակը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած շարք մը երեւոյթներ: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մեր ազգը, Հայաստանը ու Արցախը շրջապատուած ըլլալով ահաւոր տագնապներով, համազգային համախմբումը անյետաձգելի հրամայական է: Համազգային հրամայական մը, զոր կարելի է իրագործել փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով եւ Հայաստանին ու Արցախին փրկութիւնը նկատելով գերիվեր բոլոր նկատումներէ ու խնդիրներէ, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը:

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները արտայայտող գրաւոր յուշագիր մը յանձնեց Զարեհ Սինանեանին:

 

Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մ.Նահանգներէն ժամանած եկեղեցական պատուիրակութիւն մը

Next Post

Անարիւն պատերազմ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.