Յիշեալ բարեսիրական կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ մէջ նշեց իր գործունէութեան 125-ամեակը: Կազմակերպութիւնը Համիտեան Ջարդերէն սկսեալ յատկապէս Կիլիկիոյ Ատանա ու Մարաշ քաղաքներու մէջ իր մարդասիրական նպաստը բերած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ընկերային կեդրոններ հաստատած է յիշեալ քաղաքներուն մէջ եւ ապա իր ծառայութեան դաշտը եղած է Սուրիա, Լիբանան եւ Հայաստան: Լիբանանի պարագային Այնճարի մէջ հիմնած է գիշերօթիկ դպրոց: Մինչեւ վերջին տարիներուն իր օժանդակութիւնը շարունակած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ճամբով:
Ընդառաջելով ընկերակցութեան փափաքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ գիրով իր գնահատանքը յայտնեց յիշեալ կազմակերպութեան, որ մեր ժողովուրդի կեանքի ճակատագրական ժամանակներուն իր մարդասիրական օգնութիւնը կատարած է: