Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, Թորոնթոյի մէջ եւս կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։ Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր, քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը Սփիւռքին դիմագրաւած մարտահրաւներուն մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ մարտահրաւէրները յաղթահարել։
Հանդիպման աւարտին առիթ տրուեցաւ, որ միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հարցումները ուղղեն Նորին Սրբութեան։