Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

January 31, 2022
in Mobile Home, Զանազանք
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոններու նորանշանակ յանձնախումբերու ժողովներուն:

Ողջունելով Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբի առաջին նիստը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Կեդրոնի աշխատանքներուն յատուկ կարեւորութիւնը, իբրեւ հայագիտական բազմաթիւ նիւթեր ընդգրկող միակ կեդրոնը: Ան ընդգծելով Սփիւռքի մէջ կարեւորութիւնը Կեդրոնին դերակատարութեան՝ ըսաւ, որ յառաջիկային նոր ծրագիրներով անհրաժեշտ է որ առաւել ծաւալ ու որակ ստանայ կեդրոնի աշխատանքները:

Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ քննել Լիբանանէն դուրս, առցանց կերպով, ուսանողներ ունենալու, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Մանկավարժական Կեդրոնի հետ գործակցաբար Կեդրոնի ուսանողներուն պետական ճանաչում ունեցող վկայականներ ստանալու կարելիութիւնը:

Յայտնենք, որ ներկայիս 22 ուսանողներ կը հետեւին հայագիտական Կեդրոնի դասընթացքներուն: Նորանշանակ յանձնախումբի անդամներն են Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Շահան Գանտահարեան: Իսկ Կեդրոնի տնօրէնն է Ահարոն Շխրտմեան:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի նորանշանակ յանձնախումբը յիշեցուց անցնող առաւել քան 30 տարիներու ընթացքին կեդրոնին բերած կարեւոր նպաստը՝ հայ ուսուցիչներու մանկավարժական պատրաստութեանց գծով: Յանձնախումբը լայնօրէն քննարկելէ ետք Կեդրոնին ներկայ աշխատանքները որոշեց յառաջիկային զարկ տալ Հայագիտական Կեդրոնին հետ գործակցութիւնը առաւել կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերաորակաւորման սեմինարներ կազմակերպելու ծրագիրները:

Յայտնենք, որ Կեդրոնը պետական ճանաչում ունեցող BT3, TS եւ LT վկայականներ կու տայ դասընթացքին հետեւող աշակերտներուն եւ ցարդ Կեդրոնի աշակերտները յաջողութեամբ ստացած են յիշեալ վկայականները:

Կեդրոնէն ներս ներկայիս ուսանողութեան թիւն է 20: Վերակազմեալ յանձնախումբի անդամներն են՝ Տիկին Շաղիկ Գանտահարեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Տիկին Թամար Հաշէօլեան, իսկ Կեդրոնի տնօրէնուհին է Տիկին Սիլվա Ներսէսեան:

 

Previous Post

Majority believe opposition not ready to rule Turkey – survey

Next Post

UN Security Council convenes meeting to discuss Ukraine crisis

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.