Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ Սուրբ  Յակոբ  առաջնորդանիստ  մայր եկեղեցւոյ   մէջ «Հաւատք, յոյս, սէր» մեր կեանքին նշանաբանը պէտք  է ըլլայ

June 3, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ Սուրբ  Յակոբ  առաջնորդանիստ  մայր եկեղեցւոյ   մէջ «Հաւատք, յոյս, սէր» մեր կեանքին նշանաբանը պէտք  է ըլլայ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմիս Հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, գործակից միութիւններուն եւ Գանատահայ համայնքին։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հովիւ-հօտ յարաբերութեան կարեւորութեան՝ շեշտը դնելով ծառայութեան մեծութեան վրայ։ Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ բերաւ Պօղոս Առաքեալի Ա. Կորնթացիներու 13.13 համարին մէջ շեշտուած քրիստոնէական հիմնական երեք սկզբունքներուն՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վրայ։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

 

Previous Post

Երաշխաւորման շղթայական ընթացքը

Next Post

Պատմական կարեւոր հրատարակութիւն մը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.